ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Մեր յիշողութիւնը տարիքի յառաջացումով կրնայ տկարանալ արեան երակներու, մաշկի մկաններու, սրտի, երիկամներու աշխատանքի տկարացման եւ կամ այլ երեւոյթներու հետեւանքով։
Սակայն մի՛ մտահոգուիք, այնպէս ինչպէս կարելի է աշխուժացնել մկանները, երակները, սիրտը կամ մորթը բժշկական կամ մարզական միջոցներով, նոյնպէս կարելի է զարգացնել յիշողութիւնը կարգ մը ուղեղային մարզումներով: Յիշողութեան մասնագէտ Արթըր Փորտշտայն, որ Ամերիկայի Լոս Անճելըսի համալսարանին մէջ հարիւրաւոր մարդոց դասաւանդած է յիշողութիւն զարգացնելու տեսակաւոր մարզումներ, կը հաստատէ այս իրողութիւնը:
Արդի գիտութիւնը կ’եզրակացնէ, որ մարդիկ ոչ միայն կը մտածեն ուղեղով, այլ անոր կ’ընկերակցին ողնուղեղը եւ ջղային համակարգը: Այլ խօսքով, երբ մարդ կը մտածէ, այս գործողութեան կը մասնակցին մարմինին բոլոր մասերը:
Ուղեղը կ’ընդունի նամակներ կամ երեւոյթներ, կը դասաւորէ, ապա իւրաքանչիւրը իր ներքին կեդրոնը կը ղրկէ։
Ջղային համակարգը մարդոց մօտ կարելի է նմանցնել հեռաձայնի համակարգին: Գլխաւոր կեդրոնը ուղեղն է, իսկ երկրորդական կեդրոնը ողնասիւնը: Ամէնէն հաստ թելը ողնուղեղն է, իսկ բարակները ջղային վերջուկները եւ ինչպէս որ հեռաձայնի գիծերը կրնան խանգարուիլ, այդպէս ալ կրնայ ըլլալ, որ ուղեղը չկարենայ պատահածները յիշել կամ իրար կապել:
Տարիքի Յառաջացում եւ Յիշողութիւն
Մասնագէտ Արթըր երբեք չ’ընդունիր յիշողութեան տկարացման պարագան տարիքի յառաջացումով, այլ կը շեշտէ, որ ընդհակառակը՝ յիշողութիւնը տարիքի յառաջացման հետ կը զօրանայ: Ան կը պնդէ, որ յիսուն տարեկան մարդու յիշողութիւնը աւելի զօրաւոր է քան քսանինը, օրինակ բերելով Չըրչըլը եւ ուրիշներ, որոնք սուր յիշողութիւն ունէին ութսուն տարեկանին, նաեւ տարեցներ, որոնք արժանացած են միջազգային Նոպէլեան մրցանակի… Անոր համաձայն, եթէ անոնք օժտուած չըլլային սուր յիշողութեամբ, ինչպէ՞ս մրցանակ կրնային շահիլ:
Զգայարաններ եւ Յիշողութիւն
Որեւէ նոր բան ուղեղին մէջ ամբարելու կը մասնակցին հինգ զգայարանները՝ լսողութիւնը, տեսողութիւնը, շօշափումի, համի եւ հոտառութեան զգայարանները։ Այս զգայարանները որքան առողջ եւ աշխոյժ ըլլան, ուղեղը այնքան լաւ կրնայ ամբարել երեւոյթները:
Ինչպէ՞ս Կարելի է Անուն Յիշել
-Լաւ լսել խօսակիցին անունը:
-Անմիջապէս կրկնել լսած անունը: Երբեմն մարդոց դէմքով կը ճանչնանք, առանց յիշելու անոր անունը, որովհետեւ աչքը սերտած կ’ըլլայ դէմքին արտայայտութիւնները, բայց ականջը՝ ոչ:
-Լաւ նայելով դէմքին, ճակտին, աչքերուն, քիթին եւ այտին: Աչքը, ականջը եւ կզակը յատկապէս կը տարբերին մէկ անձէն միւսը:
-Կարելի է անոր անունը եւ դէմքը կապել որեւէ տեղի կամ անձի, զոր նախապէս ճանչցած ենք։ Ասիկա օգնական միջոց մըն է յիշելու անունը:
-Երբ մարդու հետ կը խօսինք, շարունակենք կրկնել իր անունը:
-Արձանագրենք անոր անունը տետրակի մը մէջ: Օրինակ գործի ասպարէզի մէջ, տնօրէնը լաւ յիշելու համար նոր պաշտօնեայի մը անունը, կրնայ գրել զայն յատուկ տետրի մը մէջ, ինչպէս նաեւ արձանագրել այդ անձին վերաբերող այլ երեւոյթներ:
Կրկնել եւ Կեդրոնանալ
Կրկնելը եւ կեդրոնանալը անհրաժեշտ են յիշելու մանաւանդ պարզ բաներ: Օրինակ կարելի է մոռնալ մեր բանալիին կամ մատիտին դրուած տեղը:
Այսպիսի բաներ եթէ իրենց մնայուն տեղը ունենան, օրինակ՝ եթէ բանալին մշտապէս զետեղենք աջ գրպանը կամ պահարանին ձախ կողմը, առանց մտածելու մեր ձեռքը կը նետենք եւ կը գտնենք զայն: Իսկ եթէ յաճախ անոնց տեղերը փոխենք, կրնանք մոռնալ, ինչ որ տարիքի հետ կապուած երեւոյթ չէ, այլ՝ կեդրոնացումի:
Ուղեղի Սննդականոնը
Անօթի ուղեղը ականջ չ’ունենար, որպէսզի լաւ լսէ եւ ընկալէ, ապա լաւ աշխատի։ Ուստի պէտք է նախ լաւ սնանի: Հետեւաբար առաջնահերթութեան կարգով անոր պէտք է հայթայթել մսեղէն, հաւկիթ, բանջարեղէն՝ մանաւանդ ազատքեղ, շոմին եւ կաղամբ, հացահատիկ, ձկնեղէն եւ պտուղ՝ գլխաւորաբար պանան:
Յանձնարարելի չէ շատ օգտագործել սուրճը, ոգելից ըմպելիներն ու ծխախոտը:
Պէտք է հրաժարիլ նաեւ որոշ դեղերէ՝ մասնաւորաբար հանդարտեցուցիչ, քնաբեր կամ տրամադրութիւն բարձրացնող դեղահատերէ, որոնք կը պակսեցնեն ուղեղի կեդրոնացումը, մանաւանդ յիշողութիւնը:
Խոր քունն ալ դրական ու շինիչ դեր կը խաղայ յիշողութեան մեքենականութեան մէջ: Խոր քունի ընթացքին մեր ուղեղը կը կազմակերպէ ու կը վերադասաւորէ իր ստացած տեղեկութիւնները:
Աւելցնենք, որ կարգ մը խաղեր եւս, ինչպէս խաչբառը, սուտոքուն եւ ճատրակը կը զօրացնեն մեր յիշողութիւնը:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան