Հայաատանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանին մասնակցելու համար Նիւ Եորք մեկնած է։ Այս շրջագիծին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է վարչապետ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի միջեւ՝ Նիւ Եորքի մէջ «թրքական տուն» կոչուող դիւանագիտական հանդիպումներու Թուրքիոյ գրասենեակէն ներս։
Զրուցակիցները մանրամասն անդրադարձ կատարած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ արդէն իսկ կատարուած քայլերուն եւ գոյութիւն ունեցող համաձայնութիւններուն:
Ընդգծուած է կարգաւորման հոլովոյթը առանց նախապայմաններու շարունակելու եւ յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու պատրաստակամութիւնը: Կողմերը անդրադարձ կատարած են նաեւ շրջանային հարցերուն:
Փաշինեան Էրտողանը տեղեակ պահած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ներկայ կացութեան, յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրի ստորագրման պատրաստակամութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մասին:
Հանդիպումին հայկական կողմէն ներկայ գտնուած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, վարչապետի մամլոյ բանբեր Նազելի Պաղտասարեան, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան, իսկ թրքական կողմէն` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ու թրքական հետախուզութեան` ՄԻԹ-ի տնօրէն Իպրահիմ Քալըն: