Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ս. Գէորգ Զօրավարի տօնին առիթով երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ կատարուեցաւ, Հալէպի Ս. Գէորգ վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ՝ թեմի հոգեւորականաց դասուն: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ազգային Վարչութիւնը, Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչը եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն։

Հաւատացեալները ուխտաւորաբար ներկայ գտնուելով եկեղեցական արարողութեան՝ Ս. Գէորգ զօրավարին բարեխօսութիւնը հայցեցին։

Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով Մարկոսի Աւետարանի 10-րդ գլխուն մէջ յիշուած մեծահարուստ երիտասարդին յաւիտենական կեանքը ժառանգելու մասին Քրիստոսի հետ ունեցած զրոյցը։
Սրբազան Հայրը փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Աստուծոյ՝ Ս. Գէորգ զօրավարի, Ադոկտոսի եւ Ռոմանոս երգեցողին նուիրուած երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ կատարելուն առիթով, վերանորոգուած Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, յիշատակելով երեք վկաները, նահատակներն ու մարտիրոսները, որոնք հաւատքի զօրութեամբ գօտեպնդուած՝ քրիստոնէական հաւատքը համարձակօրէն դաւանեցան Դիոկղետիանոս կայսրին առջեւ եւ նահատակութեան գնով անյողդյողդ մնացին իրենց հաւատքին վրայ։

Սրբազան Հայրը աւետարանական հատուածին ընդմէջէն դիտել տուաւ, որ մեծահարուստ երիտասարդը հոգեւոր կուրութեամբ եւ Օրէնքին ստրկական կառչածութեամբ կ՚ապրէր, կարծելով, որ փարիսեցիական հասկացողութեամբ Օրէնքը պահելով ապահոված կ՚ըլլար Աստուծոյ հաճութիւնը եւ Երկինքի Արքայութիւնը, սակայն ան մոռցած էր, որ Օրէնքին աստուածային եւ հոգեւոր իմաստին խորքը պէտք էր թափանցէր՝ հոգեպէս բարձրանալու, առաքինութիւններով զարդարուելու եւ արժանի ժառանգորդը դառնալու Աստուծոյ Արքայութեան։

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Քրիստոս կը հրաւիրէ մեզ մեր կեանքի առաջնահերթութիւնները ճշդելու, Աստուած եւ աստուածայինը առաջնահերթ նկատելով։
Հետեւաբար, որպէս քրիստոնեաներ մեր պարտականութիւնն է Աստուծոյ Արքայութիւնը երկրի վրայ հաստատելու համար աշխատիլ, անոր կողքին մեր ազգային եւ միութենական ծառայութիւնները մատուցելով։ Քրիստոս կը յիշեցնէ, թէ անոնք որոնք ինքնակամ աշխարհիկ վայելքէն կը հրաժարին՝ Աստուծոյ վարձատրութիւնը պիտի ստանան։ Նոյնպէս, բոլոր անոնք, որոնք կը ձգեն հայր, մայր, քոյր, եղբայր եւ զաւակներ, Քրիստոսի կամ Աւետարանին համար՝ հոգեւոր հարստութեամբ կը լեցուի իրենց կեանքը եւ գալիք աշխարհին մէջ Յաւիտենական Կեանքի ժառանգորդ կը դառնան։

Սրբազան Հայրը աղօթեց եւ Ս. Գէորգ զօրավարին բարեխօսութիւնը հայցեց, խնդրելով, որ Ամենակալը Իր առատ ողորմութեամբ, սիրով եւ բարիքներով ողողէ մեր կեանքը, որպէսզի հաւատքի մեր պայքարը մղենք։
Մակար սրբազան գնահատեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ժրաջան թաղական խորհուրդը եւ տիկնաց յանձնախումբը՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար։ Ան յայտնեց, թէ վերանորոգուած եկեղեցւոյ վերօծումը անբարենպաստ պայմաններու բերումով յետաձգուեցաւ եւ մաղթեց, որ պայմաններու բարելաւումով մօտիկ ապագային կատարուի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ։

Սրբազան Հայրը, Ս. Գէորգի մասունքը պարունակող «Զարեհեան» գանձատան Ս. Խաչով Ջրօրհնէք կատարեց։

Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տիկնաց յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան կողմէ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։