«Ազդակ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան բուռն յարձակում մը գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Հարեթ Հրէյք շրջանին վրայ։ Միայն 3 վայրկեանուան մէջ 10 հրթիռներ հարուածեցին շրջանը։ Լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ օգտագործուած են 2000 թոն կշռող ամրոցներ քանդող ռումբեր։ 6 շէնքեր գետնի հաւասար դարձած են։
Քիչ առաջ, լիբանանեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ Լիբանանի հարաւային արուարձանները, Պէյրութի օդակայանին մօտ գտնուող տարածքներ, կրկին կը հրթիռակոծուին առաւօտեան ժամը 5։15-էն սկսեալ։ Իսրայէլեան մարտանաւեր կը մասնակցին հրծիռակոծման։