Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Պասսամ Սապպաղ ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղար Անթոնիո Կոթերէշի հետ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումի ընթացքին քննարկեց տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան սրման առաջնորդող Իսրայէլի քայլերը, Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայ յարձակումները, Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ սանձազերծած պատերազմը եւ անոնց վտանգալից հետեւանքները, դիտել տալով որ Իսրայէլ կը ջանայ պատերազմի աշխարհագրութիւնը ընդլայնել եւ անոր մէջ ներքաշել տարածաշրջանի երկիրները, ինչ որ սպառնալիք կը համարուի տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խաղաղութեան եւ ապահովութեան։
Նախարար Սապպաղ ներկայացուց Սուրիոյ թափած ճիգերը տարածաշրջանի լարուածութիւնը մեղմացնելու՝ ահաբեկչութեան դէմ դնելով եւ Սուրիոյ տարածքին ամերիկեան եւ թրքական զինեալ ապօրինի ուժերուն, անջատողական շարժումներուն եւ անոնց գործակից զինեալ խմբաւորումներուն դուրս բերման ուղղութեամբ գործելով։ Սապպաղ անհրաժեշտ համարեց Սուրիոյ համար սահմանուած միակողմանի պատիժներու վերացումը, մարդասիրական եւ վերականգնումի աշխատանքներուն բնականոն ընթացքը ապահովելու համար։
Իր կարգին, Կոթերէշ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ՝ ՄԱԿ-ի հետ գործակցութեան եւ ՄԱԿ-ի առաքելութեան գործունէութեան համար բազմապիսի դիւրութիւններու ստեղծման համար, դիտել տալով որ անձամբ յորդորած է բազմապատկել Սուրիա ուղղուելիք մարդասիրական օժանդակութիւնները՝ յաղթահարելու շրջանի տագնապահար վիճակը։