Լիբանանեան Հըզպալլա Կուսակցութիւնը գուժեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութիւնը՝ 27 Սեպտեմբերին Լիբանանի հարաւային արուարձանին դէմ իսրայէլեան բուռն հրթիռակոծման հետեւանքով։
Այս առիթով Հըզպալլա հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, որուն մէջ յայտնեց, թէ սեյիտ Նասրալլա 30 տարի Կուսակցութիւնը ղեկավարեց՝ արձանագրելով իրարայաջորդ յաղթանակներ, հերոսաբար պաշտպանելով Լիբանանի ժողովուրդը եւ զօրակցելով Պաղեստինեան դատին։
Հաղորդագրութեան մէջ ըսուեցաւ. «Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը ամենավեհ, ամենասուրբ եւ ամենաթանկ իր նահատակին կը խոստանայ շարունակել զոհողութիւններով ու նահատակներով լի ճանապարհը եւ պայքարը թշնամիին դէմ՝ յանուն Կազզայի ու Պաղեստինի աջակցութեան, յանուն Լիբանանի եւ անոր քաջարի ժողովուրդի պաշտպանութեան: Սեյիտ Նասրալլլա ֆիզիքապէս հեռացաւ, բայց պիտի մնայ մեր մէջ իր մտքով, ոգիով եւ պայքարողի սրբազան ուղիով»: