27 Սեպտեմբերին, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական պատուիրակութիւններու եւ ներկայացուցիչներու հանդիպում, որուն կը մասնակցէին Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերօծման արարողութիւններու առիթով Հայաստան ժամանած Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեան, Քրիստոնէական Եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու պատուիրակութիւններ, Նուիրապետական Աթոռներու ներկայացուցիչներ, Մայր Աթոռի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ եւ Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ։
Քրիստոնէական Եկեղեցիներէն եւ կազմակերպութիւններէն միջեկեղեցական հանդիպումին ներկայ էին Հռոմի Կաթոլիկ, Ռուս Ուղղափառ, Ղպտի Ուղղափառ, Ասորի Ուղղափառ, Հնդիկ Մալաբար, Սերպիոյ Ուղղափառ, Ռումանիոյ Ուղղափառ, Պուլկարիոյ Ուղղափառ, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ Ուղղափառ, Յունաստանի Ուղղափառ, Ֆինլանտիոյ Ուղղափառ, Վրաց Ուղղափառ, Արեւելքի Ասորական, Հայ Կաթողիկէ, Ֆինլանտիոյ Լուտերական, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու, Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան, Ռենովապիս բարեգործական կազմակերպութեան, Եկեղեցիներու Համաշխարհային եւ Եւրոպական Խորհուրդի պատուիրակութիւններն ու ներկայացուցիչները:
Հանդիպումը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, ապա ներկաներուն ողջունեց Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։ Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ անդրադարձ կատարեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան, ապա Մայր Տաճարի վերօծման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց քոյր եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն՝ սրբազան արարողութիւններուն մասնակից եւ աղօթակից ըլլալու համար։
Գեղարուեստական յայտագիրին եւ այս առիթով հնչած սրտի խօսքերէն ետք, Ամենայն Հայոց Հայրապետը
անդրադարձ կատարելով Սուրբ Էջմիածինի
եւ քոյր Եկեղեցիներու միջեւ առկայ
յարաբերութիւններուն եւ
փոխգործակցութեան հաստատեց, որ
Հայոց Եկեղեցին միջեկեղեցական
այցերու, համատեղ ձեռնարկներու ու
ծրագիրներու միջոցով մշտապէս իր
օգտակար ներդրումը բերած է
միջեկեղեցական յարաբերութիւններու
սերտացման եւ արգասաւորման
եւ նպաստած է քրիստոնէական
համերաշխութեան եւ եղբայրսիրութեան
ոգիի ամրապնդումին։
«Եղբայրական այս սիրոյ ականատեսը
եղանք մեր երկրի եւ ժողովուրդի համար
աղէտալի շրջանին, երբ 2020 թուականի
Սեպտեմբերին Ատրպէյճան Թուրքիոյ
բացայայտ աջակցութեամբ եւ
միջազգային ահաբեկչական
խմբաւորումներու ներգրաւումով
լայնածաւալ պատերազմական
գործողութիւններ սանձազերծեց
Արցախի Հանրապետութեան դէմ։ 2023
թուականին Ատրպէյճանի ցեղասպան
գործողութիւններուն հետեւանքով
բռնագրաւուեցաւ եւ հայաթափուեցաւ Արցախը։
Այդ տագնապալի օրերուն մեր քոյր
եկեղեցիները զօրավիգ եղան մեզի իրենց
աղօթքներով, ընդդէմ անարդարութեան ու
ոճրագործութեան իրենց ընդվզումով։
Այսօր ալ հետեւողական ջանքեր
անհրաժեշտօրէն գործադրած են բռնի
տեղահանուած արցախցիներուն՝ հայրենի
բնօրրան վերադարձի իրաւունքի
պաշտպանութեան, Արցախի հոգեւոր-
մշակութային ժառանգութեան
պահպանութեան եւ տակաւին գերութեան
մէջ գտնուող մեր զաւակներուն ազատ
արձակման համար», ըսաւ Նորին
Սրբութիւնը՝ իր երախտագիտական
զգացումները փոխանցելով քոյր
եկեղեցիներուն եւ միջեկեղեցական
կառոյցներուն՝ հայ ժողովուրդին դժուարին
այս տարիներուն իրենց ցուցաբերած
զօրակցութեան համար։
Հայոց Հայրապետը խօսեցաւ նաեւ քոյր
եկեղեցիներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ
աշխարհասփիւռ թեմերու միջեւ
ձեւաւորուած սերտ գործակցութեան
մասին, որուն շնորհիւ կը զօրանայ
փոխըմբռնումի եւ իրար նեցուկ ըլլալու
ոգին։