ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը կը բաժնեկցի լիբանանցի եղբայր ժողովուրդին վիշտը Հըզպալլայի գլխաւոր քարտուղար Նորին Սրբութիւն Սեյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեան համար։

Սուրիոյ կառավարութիւնը եռօրեայ պաշտօնական համընդհանուր սուգ յայտարարեց, դիտել տալով որ այս ընթացքին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան եւ արտերկրի մէջ գտնուող բոլոր դեսպանատուներուն և դիւանագիտական ​​կառոյցներուն վրայ ծածանող սուրիական դրօշները որպէս սուգի արտայայտութիւն կիսով մը վար կ՚առնուին։