Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի հարաւային արուարձանին ուղղուած իսրայէլեան իրարայաջորդ հրթիռակոծումները, որոնց հետեւանքով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլա նահատակուեցաւ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Իսրայէլ անմարդկային իր արարքներով անգամ մը եւս փաստեց ահաբեկչական իր էութիւնը եւ բարոյական նուազագոյն արժանիքներէն զուրկ ըլլալը, խախտելով միջազգային եւ մարդկային բոլոր օրէնքները:

Նախարարութիւնը աւելցուց. «Սեյիտ Նասրալլա իր գաղափարակիցներուն կողքին Պաղեստինի ժողովուրդին զօրակցելու ճամբուն նահատակուեցաւ: Անոնք տարիներու ընթացքին պատուաբեր յաղթանակներ արձանագրեցին յանուն Երուսաղէմի ազատագրման եւ ամէն գնով պայքարեցան։ Այս տխուր առիթով Սուրիոյ Հանրապետութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Իսրայէլի ոճիրը եւ իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Լիբանանի եղբայր ժողովուրդին»:

Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիոյ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ Սեյիտ Նասրալլայի անվերապահ աջակցութիւնը: Նասրալլայի պատուաբեր երթը պիտի խրախուսէ յառաջիկայ սերունդները՝ իրենց պայքարը շարունակելու մինչեւ որ արաբական ողջ հողերը ազատագրուին եւ Իսրայէլ կրէ իր արդար պատիժը»: