Կիրակի, 29 Սեպտեմբեր 2024-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Առաջնորդի օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։ Հիւրաբար ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգեշնորհ Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան։
Պատարագ մատուցեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան։
Օրուան պատգամը ժողովուրդին ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ հիմնական կերպով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին յատուկ Ս. Խաչին նուիրուած տօներէն Վարագայ Ս. Խաչի տօնին։