Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ Երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբերի տուեալներով շուրջ 100.000 մարդ Լիբանանէն Սուրիա ուղղուած է՝ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան բուռն յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած անապահովութեան բերումով։
Աւելցնենք, որ Սուրիա լիբանանցիներու ընդունելութեան համար անհրաժեշտ նախապատրաստութիւններ կատարած էր՝ հիւանդանոցները պատրաստելով, սահմանին անմիջական մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բոլոր վարժարաններուն թելադրելով ընդունիլ Լիբանանէն ժամանած աշակերտներն ու ուսանողները։