Շաբաթ 28 Սեպտեմբերին Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը, իսկ Կիրակի օր, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեան, կատարուեցաւ Ս. Էջմիածինի մայր տաճարի վերօծումը:

Մայր տաճարի վերօծման արարողութեան ընթացքին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ըսաւ. «Պատմական անբեկանելի ճշմարտութիւն է, որ մարտնչիլ Սուրբ Էջմիածինի դէմ կը նշանակէ մարտնչիլ հայոց ինքնութեան եւ գոյութեան դէմ, հարուած հասցնել հայոց պետականութեան եւ հայ կեանքը պարպել ազգային ու հոգեւոր բովանդակութենէ»:

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս իր պատգամը ուղղեց վարչապետի ներկայութեան` առանց յստակութիւններու, թէ որո՛ւն ուղղուած է իր յայտարարութիւնը:

«Սուրբ Էջմիածինի առաքելութիւնը արժեզրկելու որեւէ քայլ կը նշանակէ փորձել տկարացնել մեր ազգը, խարխլել հիմքերը անկախ ու ինքնիշխան կեանքի, որուն ջատագովն ու պաշտպանն է հայոց եկեղեցին: Ս. Էջմիածինի հանդէպ աշխարհասփիւռ հայութեան որդիական ջերմ սիրով ու նախանձախնդրութեամբ ամուր է մեր հայրենիքը, զօրեղ եւ անկոտրում` միաբանութիւնը մեր ժողովուրդի», ընդգծեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Վեհափառը նաեւ յորդորեց` «զերծ պահենք մեր պատմութիւնը կեղծիքներէ ու խեղումներէ»: