Դամասկոսի նահանգապետ Մուհամմետ Թարէք Քրիշաթի ոստիկանապետին ընկերակցութեամբ Երեքշաբթի առաւօտ այցելեց Իսրայէլի հրթիռակոծման հետեւանքով վիրաւորուած ու Պետական Համալսարանի Մուասաթ հիւանդանոց տեղափոխուած քաղաքացիներուն՝ ստուգելու անոնց առողջական վիճակը։

Նահանգապետը այցելեց նաեւ հրթիռակոծուած վայրերն ու իրազեկ դարձաւ արձանագրուած վնասներուն։