Զինուորական աղբիւր մը «Ալ-Ախպարիէ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ այսօր յետմիջօրէի ժամը 5։25-ին, Իսրայէլ բռնագրաւուած Կոլանէն օդային յարձակում գործեց Դամասկոսի «Մեզզէ» շրջանին վրայ, թիրախ դարձնելով բնակարան մը։
Հրթիռակոծման հետեւանքով 3 քաղաքացի զոհուեցաւ, երեք ուրիշներ վիրաւորուեցան եւ տեղւոյն սեփական կալուածներու նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։