Ծանօթանալու համար ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու գործունէութեան, «Գանձասար» կը հրատարակէ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեանի հետ հարցազրոյցի երկրորդ բաժինը։
«Գանձասար»- Ի՞նչն է որ հայ երիտասարդը կը քաջալերէ մաս կազմելու մշակութային աշխատանքներու կամ խումբերու, իսկ դուք ինչպէ՞ս կ’աշխատիք մօտ պահել զայն հայ մշակոյթին:
Ռաֆֆի Սիւլահեան- Խմբային աշխատանքի ջերմ մթնոլորտն է, որ երիտասարդները կը քաջալերէ մաս կազմելու մեր խումբերուն եւ ներկայանալու ժողովներու կամ փորձերու՝ հակառակ իրենց ծանրաբեռնուած առօրեային:
Ճիշդ է որ օտար մշակոյթն ալ հրապուրիչ է երիտասարդութեան համար, երբեմն աւելի քան հայկականը, ինչ որ մասամբ հայ մշակոյթին ծանօթ չըլլալու հետեւանք է, ուստի մեր պարտականութիւնն է հայ մշակոյթը ծանօթացնել եւ սիրցնել հայ երիտասարդութեան, որպէսզի օտար մշակոյթին կողքին իր արմատներուն, իր ազգային մշակոյթին ծանօթ ըլլայ, անով ալ հրապուրուի: Նման աշխատանք կրնանք համարել աշուղական երեկոները, որոնց միջոցով եւ առցանց սփռումով կրնանք հայ մշակոյթը տարածել երիտասարդութեան իսկ ճամբով, այսպիսով անոնք, որոնք առցանց կը դիտեն, կը փափաքին յաջորդ ձեռնարկին ներկայ գտնուիլ կամ մաս կազմել խումբին… նման քաջալերական քայլեր անհրաժեշտ են։
Այս նպատակին կը ծառայէին նաեւ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած միջդպրոցական վարժարաններու մշակութային մրցումները՝ գծագրութիւն, պար, թատրոն, ասմունք, ընթերցում եւ այլն։ Փաստօրէն այդ մրցումներուն մաս կազմեցին 170 աշակերտներ, իսկ ժիւրիի անդամները բոլոր վարժարաններէն ու միութիւններէն հրաւիրուած մասնագէտներ էին, ինչպէս վերը յիշեցի։ Յոյսով ենք, որ տարբեր աշխատանքներով պիտի կարենանք հայ մշակոյթով հետաքրքրուող եւ Համազգայինի միացող երիտասարդութեան թիւը ընդլայնել:
Այս առումով մենք ջանացինք նաեւ մշակութային գործող խումբերու կատարումները ներկայացնել Սուրիոյ այլ շրջաններու մէջ։ Այսպէս՝ Հալէպի թատերական խումբը հանդէս եկաւ Լաթաքիոյ մէջ եւս, իսկ Քեսապի մասնաճիւղի մեր նորակազմ թատերախումբը Քեսապի մէջ իր առաջին ներկայացումէն ետք հանդէս եկաւ Լաթաքիոյ, ապա Հալէպի բեմերուն վրայ: Միւս կողմէ, Լաթաքիոյ «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղը իր սեփական թատերախումբը ունեցաւ, որ իր ելոյթէն ետք եւս պիտի շրջի այլ նահանգներ։
Գամիշլիի մէջ եւս մշակութային աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալի «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղին կողմէ։ Մասնաճիւղը ունի երաժշտական դպրոց, պարախումբ, հայերէն լեզուի դասընթացք կը կազմակերպէ, մօտերս պիտի կազմէ նաեւ իր սեփական երգչախումբը։ Դամասկոսի մասնաճիւղը եւս իր պայմաններուն համեմատ կը գործէ եւ իր գործունէութիւններով կը գոհացնէ Դամասկոսի հայ գաղութի մշակութային ծարաւը։ Հալէպի «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղը ունի «Շուշի» մանկապատանեկան եւ «Սարդարապատ» պարախումբերը, ունի Էսդրատային նուագախումբ, գրական յանձնախումբ, որ գրական երեկոներ կը կազմակերպէ, ունի «Արշիլ Կորքի» կերպարուեստի ուսումնարան եւ այս բոլորով մշակութային բազմաբնոյթ գործունէութիւն կը ծաւալէ Հալէպի մէջ։
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը կը ջանայ օգտակար դառնալ բոլորին, քաջալերել բոլորը։ Երկրի տնտեսական այս ծանր պայմաններուն մէջ մեր կարելին կ’ընենք մշակութային կեանքը աշխոյժ պահելու եւ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու։
Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան, որ մշտապէս կը հետեւի եւ նեցուկ կը կանգնի Համազգայինի Սուրիոյ շրջանի գործունէութեան։ Նախորդ տարի Կեդր. Վարչութեան անդամներ ժամանեցին Հալէպ եւ ծանօթացան, իրազեկ դարձան տնտեսական տագնապի այս ծանր պայմաններուն մէջ Համազգայինի շարունակուող գործունէութեան։ Այսպիսի այցելութիւններ կարեւոր են։
Շնորհակալութեան խօսք ունինք նաեւ Համազգայինի Քանատայի Շրջանային Վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրատուութեամբ սատար կանգնած են շրջանիս։ Շնորհակալութիւն «Ռատիո Երազ»-ին, որ կ’ապահովէ մեր ձեռնարկներուն ուղիղ սփռումը, «Գանձասար»-ին, որ մամուլի մէջ կ’արձագանգէ մեր գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութեան, որ վարժարանը տրամադրած է «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին։
«Գ.»- Յաջողութիւն եւ բեղուն գործունէութիւն կը մաղթենք Համազգայինին։
Հարցազրոյցը վարեց
Անի Պօղիկեան
(Շար. 2 եւ վերջ)