ՃԻՆԶԵՐՈՒ ՆՈՐԱՁԵՒ ԿԻՐԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Օդը աստիճանաբար կը պաղի։ Վերարկուներ ու բաճկոններ հագնելու համար թէեւ կանուխ է, բայց թեթեւ բաճկոնները, յատկապէս անձրեւանոցները (երկար բաճկոն անձրեւէն պաշտպանուելու համար) կարելի է օգտագործել աշնանային եղանակին:
Վերջին տարիներուն անձրեւանոցներու նորոյթը մշտապէս փոխուած է։ Անոնք մերթ նորոյթ դարձած են, մերթ ալ՝ պարզապէս պահարաններուն ծառայած։ Յստակ է սակայն, որ եղանակային փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանին անոնց օգտագործման կարիքը կը զգացուի։ Այդ իսկ պատճառով նորաձեւութեան վարպետներ անընդհատ վերատեսութեան կ’ենթարկեն անձրեւանոցներու ձեւն ու ոճը:
Ճինզի սիրահարներուն համար ուրախալի լուր է այն, որ այս աշնան նորաձեւ կը համարուին ճինզ կտորով անձրեւանոցներն ու երկար բաճկոնները, նոյնիսկ կօշիկներն ու զարդեղէնը։
Ճինզը կարելի է համադրել ամէն ինչի հետ՝ երեկոյեան, համարձակ, մարզական, դասական կերպարներու  պարագային եւ  առօրեայի մէջ զայն կրելու համար։ Կրնաք աւելցնել նաեւ այլ շեշտադրումներ՝ կրելով ճինզէ պայուսակներ, գօտիներ, արեւային ակնոցներ եւ զարդեր: Ճինզը կը յարմարի բոլոր առիթներուն եւ ժամանակներուն։
Մի՛ մոռնաք, որ ճինզը խորհրդանիշն է ազատութեան եւ համարձակութեան։ Ճինզ հագուստներու շնորհիւ զով օրերուն կրնաք հմայիչ տեսք եւ ոճ ունենալ՝ համապատասխան աշնան եղանակին:
Ճինզը շուտ չ’աղտոտիր, իսկ զայն լուալը յոգնութիւն կամ երկար ժամանակ չի պահանջեր։
Հետեւաբար ոգեշնչուեցէ՛ք յայտնիներու եւ ոճային հերոսուհիներու կերպարներով, գնեցէ՛ք ճինզի ձեր նախընտրած տարբերակը եւ փայլեցէ՛ք աշնան զովութեան մէջ:

ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ 2024-Ի ԱՇՆԱՆ ՆՈՐՈՅԹ ՏԱԲԱՏՆԵՐԸ

Ցուրտ օրերը սկսելուն պէս ժամանակն է ձեր ամառնային զգեստապահարանը աւելի տաքցնող հագուստներով համալրել։ Տաբատները շատ յարմարաւէտ են աշնանային եղանակի համար։ Անոնք գրեթէ բոլոր առիթներու  համար յարմար են՝ գրասենեակային առօրեայէն մինչեւ պարտէզագնացութեան: Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024-ի աշնան նորաձեւ տաբատներու օրինակներ.
Դասական ուղիղ տաբատ
Դասականին վերադառնալը շահեկան է, յատկապէս, եթէ ձեր կերպարը պէտք է համապատասխան ըլլայ գրասենեակային աշխատողի կերպարին: Ոճաբաններ կ’առաջարկեն կրել կանացի դասական տաբատներ եւ զանոնք համադրել նոյն կտորով պատրաստուած բաճկոնի հետ։ Ամէնէն նորաձեւը կը համարուին մոխրագոյն տաբատներն ու բաճկոնները։
Գրպաններով տաբատ
Յարմարաւէտ լայն գրպաններով տաբատները նորոյթ են արդէն քանի մը եղանակէ ի վեր։ Աշնան համար աւելի յարմար են հաստ կտորով կարուած տաբատները, որոնք հիանալի տեսք կ’ունենան ճինզ բաճկոնի հետ համադրութեամբ։
Ոճաբաններ կ’առաջարկեն նաեւ ազատ ուրուագիծով տաբատներ՝ կարուած պաշտօնական զգեստներու կտորով:
Կաշիէ տաբատ
Տարիներէ ի վեր լուսարձակներէ չեն հեռանար նաեւ կաշիէ տաբատները, որոնք յարմար են ցուրտ, անձրեւոտ եղանակին։
Նեղ տաբատները կորսնցուցած են իրենց այժմէականութիւնը, նախընտրելի են լայները, որոնք դիւրաւ կը յարմարին պարզ ու բարձրակրունկ կօշիկներու։