ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Վիեթնամի Հայփոնկ քաղաքին մէջ,  Ասիոյ զտման մրցումներու շըրջագիծին մէջ, Սուրիոյ Ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Վիեթնամը եւ առաջին դիրքը գրաւելով իր տեղը ապահովեց Ասիոյ 2025-ի մրցաշարքին մէջ: Աւելցնենք, որ զտման մրցումներուն Սուրիա յաղթական աւարտեց իր բոլոր մըրցումները, արձանագրելով հետեւեալ արդիւնքները. 4 – 0 Պանկլատէշի հետ, 1 – 0՝ Պութանի, 10 – 1՝ Կուամի:
-Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած Սուփըր 3-ի պասքեթի մրցաշարքի աւարտական մրցումին Եգիպտոսի Զամալեքը 84 – 77 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիբանանի Պէյրութ խումբը եւ տիրացաւ ախոյեանութեան բաժակին: Յիշեցնենք, որ սոյն մրցանակի առաջին տիտղոսին արժանացած է Հալէպի Ահլին, իսկ երկրորդին՝ Դամասկոսի Ուահտէն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԷՐԻ ՔԷՅՆ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ
Պաւարիոյ Պայերն Միւնիխի  անգլիացի յարձակող Հէրի Քէյն Պայերն Լիվըրքուզէնի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ: Դէպքը պատահեցաւ հանդիպումի 86-րդ վայրկեանին, երբ մրցակից խումբի յարձակող Ամին Ատլի հարուածեց անոր ոտնաթաթին։ «Քէյն ցաւոտ հարուած  ստացաւ ոտնաթաթէն։ Ներկայիս ան բուժում կը ստանայ, իսկ դաշտէն բացակայելու ժամանակաշրջանը անյայտ է», փոխանցեց գերմանական ակումբի մամլոյ գրասենեակը:  Ընթացիկ մրցաշրջանին Հէրի Քէյն գերմանական խումբին հետ մաս կազմած է  7 հանդիպումի, նշանակած է 10 կոլ եւ կատարած՝ 5 կոլային փոխանցում:
ՌՈՆԱԼՏՈ Կ’ՈՒԶԷ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱԼ-ՆԱՍՐԻ ՀԵՏ
Փորթուկալի հաւաքականի 39-ամեայ յարձակող Քրիստիանո Ռոնալտո բանակցութիւն կը վարէ Սէուտական Արաբիոյ ալ-Նասրի խումբին հետ իր պայմանագրութիւնը մինչեւ Յունիս 2026 երկարաձգելու համար։ Անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ Յունիս 2025: Ռոնալտո մտադիր է մասնակցիլ 2026-ի աշխարհի առաջնութեան։ Ան պատմական թուանիշ կ’ուզէ արձանագրել, եթէ մասնակցի աշխարհի առաջնութթեան՝ դառնալով 6 անգամ աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցած առաջին ֆութպոլիստը։ Ընթացիկ մրցաշրջանին Ռոնալտո մասնակցած է 7 հանդիպումի, նշանակած է 6 կոլ, կատարած՝ 2 կոլային փոխանցում։ Transfermarket-ը անոր փոխադրական արժէքը գնահատած է 15 միլիոն եւրոյով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան