Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2024-ին,
հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց
Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.
Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին,
մասնակցութեամբ՝ Թեմիս
հոգեւորականաց դասուն, Սրբոց
Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին
առիթով երեկոյեան ժամերգութիւն եւ
նախատօնակի արարողութիւն
կատարուեցաւ, Հալէպի Ս. Գրիգոր
Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Եկեղեցական հոգեպարար
արարողութեան ընթացքին, հայ
ժողովուրդին ինքնութիւնը հաստատող
Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նուիրուած
շարականներով եւ աղօթքներով
հաւատացեալները հոգեպէս
գօտեպնդուեցան։