Գամիշլիի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով պատրաստուեցաւ նշանակ մը, որ պիտի օգտագործուի 90-ամեակի ձեռնարկներու ընթացքին։

1.- Նշանակը եզերուած է կապոյտ շրջանակով մը, որուն վերեւի մասին գրուած է՝ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցի: Իսկ ներքեւը՝ 1934-2024։ Կապոյտը այստեղ կը յուշէ, թէ Ճեզիրէի շրջանը կը գտնուի Եփրատ եւ Տիգրիս գետերուն միջեւ, տարածք մը, որ կը կոչուի Սուրիական Միջագետք։ Կապոյտը այս գետերուն գոյնն է։

2.- Բոլորակին կեդրոնը գրուած է 90, որու զէրօ թիւը գծուած է 90 հատիկներ պարունակող հասկերով, որոնք գոց դեղինէն դէպի նարնջագոյն կը յարին։ Ճեզիրէի շրջանի եկամուտը ընդահանրապէս ցորենի բերքէն է։ Սուրիոյ ալիւրի մեծ մասը Ճեզիրէէն կու գայ։

3.- Կեդրոնը կարմրագոյն կը տեսնուի նաեւ նորակերտ եկեղեցին, որուն կառուցումը շուտով աւարտին պիտի հասնի։

Այսպէս. նոր նշանակով ուզեցինք ամփոփել Ճեզիրէի եւ ճեզիրահայութեան պատկերացումը՝ հայկական եռագոյնով։
Նշանակը պատրաստած է Մանօ Դաւիթեան։

Սիրելինե՛ր,
Յառաջիկայ օրերուն, երբ վերջնական ձեւ ստանայ 90-ամեակի գործունէութեանց ծրագիրը, պիտի ծանուցուի մեր ազնիւ ժողովուրդին։

Առաջնորդական Փոխանորդ Ճեզիրէի Հայոց

Լեւոն Վրդ. Եղիայեան