Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ ԿԱՐԳԱՊԱՀ ԶԱՒԱԿՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Կարգապահութիւնը իր անդրադարձը կ’ունենայ մարդ արարածի կեանքին  վրայ եւ կրնայ անոր յաջողութեան գրաւականը դառնալ։
Ինչպէ՞ս վարժեցնել մեր զաւակները կարգապահութեան։
-Նախ ընտանիքին մէջ պէտք  է ստեղծել խելացի կերպով դասաւորուած որոշակի կարգ ու կանոն, չափաւոր պահանջներ եւ պարտաւորութիւններ, որոնք կարգապահութեան նախապայմաններն են: Ընտանեկան կարգ ու կանոնը ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար սահմանուած, բայց չգրուած օրէնք է՝ իւրաքանչիւր անդամի պարտականութիւններու եւ իրաւունքներու, միատեղ կեանքի եւ ընտանիքի անդամներու փոխյարաբերութիւններու մասին: Այսինքն՝ անձը պէտք է գիտակցի, թէ ի՛նչ է իր պարտաւորութիւնները եւ կատարէ զանոնք ճշգրիտ կերպով ու նուիրումով: Երեխան դիւրաւ կը վարժուի այդ մթնոլորտին եւ իր կեանքը կ’ընթանայ իրեն համար անհրաժեշտ կարգ ու կանոնով։ Իսկ երբ ընտանիքին մէջ կը տիրէ խառնաշփոթ, անկանոն վիճակ, ճաշի, աշխատանքային ժամերու խախտում, փոքրիկը կը վարժուի անկանոն վիճակի:
Օրինակ՝ շա՜տ գեղեցիկ երեւոյթ է, երբ ընտանիքի բոլոր անդամները կը հաւաքուին սեղանին շուրջ նախաճաշի, ճաշի կամ ընթրիքի։Իւրաքանչիւրը  պարտաւոր կը զգայ այդ ժամուն ներկայ ըլլալ, որպէսզի զինք չսպասեն եւ չխախտուի այդ ջերմ սովորութիւնը:
-Փոքրիկին պէտք է վարժեցնել, թէ ինչ կարելի է ընել, ինչ՝ չէ եւ այս մէկը կատարել հաստատակամ ու հետեւողական կերպով:
-Եթէ արգիլենք որեւէ արարք, սակայն շրջապատի միջամտութեան կամ փոքրիկի լալու հետեւանքով թոյլ տանք անոր, կը նշանակէ թէ երեխային մօտ կը ստեղծենք լացով իր ուզածին հասնելու, մեծին չլսելու կամ չենթարկուելու վտանգաւոր սովորութիւններ: Իսկ շրջապատի միջամտութեան պարագային, երեխան զգալով տեղի ունեցած հակասութիւնը կ’օգտուի այս հանգամանքէն, կ’ըլլայ պահանջկոտ եւ անձնասէր։ Հետեւաբար երեխային պահանջները պէտք է բաւարարել միայն ըստ անհրաժեշտութեան:
-Ծնողներ պէտք է հետեւին նաեւ, թէ ինչպէ՛ս կը վարուի  երեխան տունէն դուրս: Եթէ ծնողներու ներկայութեան պարտաճանաչ է եւ կարգապահ, արդեօ՞ք նոյնն է իրենց բացակայութեան: Ծնողքը պէտք է ձգտի երեխային մօտ ստեղծել լաւ սովորութիւններ եւ հաստատուն համոզումներ։ Երեխան պէտք է  հասկնայ, որ երբեք պէտք չէ ուժ գործադրէ ընկերոջ նկատմամբ, այլ՝ պատրաստ ըլլայ պաշտպանելու ընկերը։ Ստեղծել պատասխանատուութեան զգացում, այսինքն՝ վստահիլ իր կարողութեան, տալ համապատասխան գործեր եւ ապա պահանջել կատարածը եւ գնահատել: Նոյնն է պարագան դպրոցի եւ հասարակական կազմակերպութիւններու մէջ:
-Ծնողքը պէտք է հետեւի եւ գիտնայ, թէ իր զաւակը որքանով նախանձախնդիր է, ճշգրիտ կը կատարէ դպրոցի կամ ակումբի մէջ իրեն վստահուած  յանձնարարութիւնը: Օրինակ՝ եթէ երեխային յանձնարարուած է պատի թերթի համար նիւթ պատրաստել, ծնողները պէտք է քաջալերեն, ուշադիր հետեւին, ուղղութիւն տան եւ ոչ թէ մղեն երեխան, որ այդ պարտականութիւնը չկատարէ՝ անկարեւոր համարելով կամ դասերը պատրուակ համարելով: Հետեւիլ,  թէ երեխան ժամանակին կը ներկայանա՞յ ակումբ, կամ ճշգրտօրէն կը կատարէ՞ ընկերոջ տուած խոստումը, կը մասնակցի՞ հաւաքական աշխատանքի, թէ հակում ունի փախուստ տալու եւ չկատարելու տրուած աշխատանքը:
Երբ երեխան իր պարտականութիւնները կը կատարէ ճշգրտօրէն, կը դառնայ հասարակութեան պիտանի անձ: Լաւ արդիւնքի հասնելու համար պէտք է ոչ միայն երեխայէն պահանջել կարգապահութիւն, այլեւ բացատրել եւ հասկցնել կարգապահութեան հասարակական նշանակութիւնը, այսինքն՝ թէ կարգապահութիւնը որքան կարեւոր է գործը ճիշդ եւ կատարեալ ձեւով իրագործելու համար:
Նաեւ շեշտը դնել ժամադրութիւնը յարգելու երեւոյթին վրայ, որովհետեւ անճշդապահ ըլլալը յաճախ կը խանգարէ հաւաքական աշխատանքը:
Հետեւաբար երեխան պէտք է յորդորել մշտապէս՝ ըլլալ կարգապահ, յարգել ժամանակը, աշխատիլ ազնուութեամբ:
Միշտ յիշենք որ կարգապահ տղան կամ աղջիկը կարգապահ աշակերտ է, կարգապահ միութենական, կարգապահ հայր կամ մայր եւ վերջապէս կարգապահ քաղաքացի:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան