#ԳԱՄԻՇԼԻ
Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2024-ի առաւօտուն Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի։

Օրուան Ս. Եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Արժն. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան։
«Ամէն եւ ընդ Հոգւոյդ քում» աղօթքէն ետք հոգեշնորհ հայր սուրբը Ս. Խորան բարձրացաւ եւ կանչուեցան Ազգային եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչական կազմերը եւ առաջին անգամ ըլլալով Գամիշլիէն ներս կատարուեցաւ հայ ուսուցիչներու օրհնութիւն։

Հայր սուրբը օրուան պատգամ ընտրած էր, Ճաշու Աւետարանէն, «Այրի կնոջ լուման» դրուագը, Մր. 12։ 43-44։
Քարոզի ընթացքին հայր սուրբը վեր առաւ Սրբոց Թարգմանչաց հայրերու կատարած կարեւոր արարքը, որով ինքնուրոյն դիմագիծ տուին Հայ ժողովուրդին, հայերէն տառեր ստըղծելով եւ թարգմանչական աշխատանք կատարելով։ Ան ըսաւ, որ իրենց միջոցաւ այսօր մենք իւրայատուկ ազգ եւ եկեղեցի դարձանք, եւ այսօր կը տօնենք ազգային-եկեղեցական այս տօնը։
Հայր Լեւոն հրաւիրեց մեր ուսուցիչները ընթանալու մեր թարգմանիչ սուրբերու քայլերուն համաձայն, աղօթելով որ նոյն իմաստութիւնը հանգչի անոնց վրայ, որպէսզի կարողանան հայ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ջամբել մեր աշակերտներուն։

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ հայր սուրբը յայտնեց, որ Ճեզիրէի շրջանէն ներս Կիրակնօրեայ վարժարանները իրենց դռները կը բանան եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան աշխատանքներուն կը վերսկսին։
Կիրակնօրեայի աշակերտները մօտեցան Սուրբ Խորանին եւ ստացան մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Արիւնը եւ Մարմինը։ Ապա մեկնեցան Ազգային Միացեալ միջնակարգ եւ եկրորդական վարժարան, ուր կիրակնօրեայ քայլերգով սկսան իրենց գործունէութիւնը։

Յայտնենք որ հայր սուրբը թաղական խորհուրդի անդամներուն հետ այցելեց աշակերտութեան։

#ՀԱՍԻՉԷ
Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2024-ին, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հերթական Ս. եւ Անմահ Պատարագ։

Օրուան Պատարագիչն էր տեղւոյս հոգեւոր հովիւ Արժն. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան։

Պատարագիչ քահանայ հայրը օրուան խորհուրդը ներկայացուց իր խօսքին մէջ, հրաւիրեց ծնողները եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչուհիները վերատեսութեան ենթարկելու եւ քննելու իրենց անձերը, տեսնելու համար թէ արդե՞օք որքանով հաստատուն եւ հաւատարիմ կը մնան իրենց հաւատքի կեանքին մէջ, որքանով անոնք աշխատանք կը տանին այդ հաւատքի սերմերէն ցանել իրեց զաւակներուն եւ աշակերտներուն սրտերուն մէջ։
Պատարագէն ետք քահանայ հայրը այցելեց Կիրակնօրեայ վարժարանի Սրբոց Թարգմանչաց սրահը, ուր հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն եւ ուսուցչաց կազմին հետ։

#ՏԷՐԻՔ
Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2024-ին, Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ,։ Օրուան Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան:

Հաւատացեալներն ու կիրակնօրեայի աշակերտները հաւաքական խոստովանանքէն եւ Տէր Ողորմեայէն ետք ստացան Ս. Հաղորդութիւնը։

Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Կիրակնօրեայի աշակերտները ուսուցչաց կազմին հետ պտոյտ մը կատարեցին, Պարպայթա գիւղի ուխտավայրը, ուր հիւրընկալուեցան եկեղեցւոյ թաղականութեան կողմէ, հաճելի ժամանակ անցուցին, ապա վերադարձան իրենց տուները։

Յայտնենք որ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին առիթով երեք շրջաններուն մէջ բաժնուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. կրօնական ժողովին կողմէ տպագրուած Աղօթք Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի բացիկ աղօթքը, որ լոյս տեսած է ի յիշատակ գամիշլիցի հանգուցեալներ Սարգիս եւ Զապէլ Կարապետեաններու։