Միջին Արեւելքի լարուածութիւնը կ’աճի ու Իսրայէլ-Արեւմտեան երկիրներ կը ջանան ոչ միայն ուժերու ազդեցութեան քարտէզը ձեւափոխել, այլեւ գաղափարախօսութիւններու դէմ պայքարիլ, որպէսզի արաբական միացեալ ճակատ չստեղծուի ու յատկապէս Պաղեստինի պետութեան ճանաչման ի նպաստ միջավայր չզարգանայ Միջին Արեւելքի մէջ։
Կազզայէն Լիբանան Իսրայէլի յարձակումները իբրեւ թէ այդ երկրի ազգային անվտանգութեան ապահովման պիտակին տակ առաջ կը մղուին, բայց իրականութեան մէջ ուղղուած են այն ուժերուն, այլեւ այն գաղափարախօսութեան դէմ, որ տարիներ շարունակ թեւ ու թիկունք կանգնած է արաբական դատին ընդհանրապէս եւ Պաղեստինին մասնաւորապէս։
Իսրայէլ ոչնչացնելով Լիբանանի դիմադրութեան ղեկավարները, խորքին մէջ Պաղեստինի դատին համար պայքարող կողմ մը ոչնչացնել կը ջանայ ու կը փորձէ իր բովանդակութենէն պարպել ազգային դիմադրութեան գաղափարախօսութիւնը, ահաբեկչական գործողութիւններու պիտակաւորում տալով  այդ գաղափարախօսութիւնը կրողներուն ու սպառնալիք համարելով զանոնք իր ու տարածաշրջանի ազգային անվտանգութեան։
Արեւմտեան պետութիւնները եւս միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ իրենց ազդեցութիւնը պահելու համար կ’աջակցին Իսրայէլի վայրագութիւններուն, սպանդին, նոյնիսկ Կազզայի ցեղասպանական գործողութիւններուն ի տես քայլ մը չնախաձեռնելով։
Միւս կողմէ Իսրայէլ իր այս հարուածներով կը պայքարի տարածաշրջանի զինուորական ճարտարագիտութեան մէջ առաջադէմ դարձած Իրանի դէմ, որովհետեւ քաջ գիտէ, որ որքան ալ զարգացնէ իր ելեկտրոնական հետախուզութեան կարելիութիւնները, պիտի չկարենայ ունենալ Իրանի հրթիռային զարգացած համակարգը, որուն համար ալ մշտապէս պիտի ապաւինի ԱՄՆ-ին։
Իսրայէլի զինուորական յարձակումները Կազզայէն Լիբանան եւ Սուրիա սանձարձակ դարձած են։ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերն անգամ արհամարհող Իսրայէլ օդային յարձակումներուն կողքին Լիբանանի վրայ ցամաքային յարձակումի ալ յանդգնութիւն կ’ունենայ՝ պատրուակ դարձնելով իր ազգային անվտանգութեան պահպանումը հիւսիսային իր սահմաններուն վրայ։ Իրականութիւնը սակայն այլ բան կը պարզէ. Իսրայէլ կը փորձէ վերացնել նախ Պաղեստինեան պետութիւն հիմնելու բոլոր տուեալները, ապա պաղեստինեան հարցին սատար կանգնող բոլոր կողմերը կը հարուածէ վերոյիշեալ նոյն պատրուակով։
Լիբանանն ու Սուրիան այս տարածքին մէջ եղած են ճակատագրակից երկիրներ, ենթակայ տարածաշրջանի երկիրներու՝ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ախորժակներուն, յիշենք Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն երկու երկիրներուն կրած տառապանքներն ու ապա երկուքին անկախութեան հռչակումը ի գին բազում նահատակներու եւ զոհողութիւններու։
Ու այս օրերուն, հակառակ անոր որ Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան վերջ տալու նշոյլներ չեն երեւիր ցարդ, այդուհանդերձ Սուրիոյ եւ Լիբանանի պետական հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը կրնայ կացութեան մեղմացման նպաստել, նկատի ունենալով այս երկիրներու աշխարհաքաղաքական կարեւոր դիրքն ու տարբեր կացութիւններէն դուրս գալու պատմաքաղաքական փորձառութիւնը։