Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը 453 կողմ, 31 դէմ եւ 89 ձեռնպահ ձայներով ընդունեց Ատրպէյճանի մէջ իրավիճակի, մարդու իրաւունքներու ու միջազգային իրաւունքի ոտնահարման եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մասին բանաձեւը: Անիկա կ’անդրադառնայ Ատրպէյճանի մէջ առկայ եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ այդ պետութեան կողմէն ստեղծուած բոլոր հիմնական հարցերուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային Ժողովի եւրոպական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան։
Բանաձեւով Եւրոխորհրդարանը վճռականօրէն կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ հիմնուած տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման սկզբունքներու վրայ՝ համաձայն 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագիրին: Կը վերահաստատէ իր պահանջքը՝ Ատրպէյճանի զօրքերը դուրս բերել Հայաստանի ամբողջ ինքնիշխան տարածքէն. կոչ կ’ուղղէ Ատրպէյճանին միանշանակ պարտաւորուած յարգելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կ’ընդգծէ, որ տարածաշրջանային ապաշրջափակման հարցերը պէտք է լուծուին Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ լիակատար յարգանքով, կը վերահաստատէ իր դիրքորոշումը, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ պատժամիջոցներ կիրառելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը սպառնացող որեւէ անհատի կամ տուեալի նկատմամբ:
Եւրոխորհրդարանը կը պնդէ, որ որեւէ ապագայ գործընկերութեան համաձայնագիր Եւրոմիութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ պէտք է կնքուի միայն այդ երկրի իրաւական բարեփոխումներու իրականացման եւ մարդու իրաւունքներու վիճակի բարելաւման պայմանով, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններուն մէջ ազնիւ օրէն ներգրաւուելու՝ Ատրպէյճանի պատրաստակամութեան պայմանով:
Եւրոխորհրդարանը նաեւ կոչ ուղղած է Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմիններուն դադրեցնելու ապաւինիլը ատրպէյճանական կազին որպէս այլընտրանք, ինչպէս նաեւ՝ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն մտահոգութիւններու վրայ, ըստ որոնց Ատրպէյճանէն Եւրոպական Միութեան արտահանող կազը կրնայ ըլլալ նաեւ ռուսական ծագումով:
Բանաձեւը արցախահայերու բռնի տեղահանումը ուղղակիօրէն կը կոչէ ցեղային զտում:
Կը վերահաստատէ իր կոչը Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի այն պաշտօնեաներուն նկատմամբ որոնք մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներու թոյլ տուած են, ինչպէս նաեւ այն պաշտօնեաներուն նկատմամբ, որոնո ԵՄ անդամ երկիրներու ընտրուած պաշտօնեաներու հասցէին վիրաւորական կամ սպառնալից յայտարարութիւններ կատարած են. այս առնչութեամբ կը պահանջէ նախ արգիլել ատրպէյճանցի այս պաշտօնեաներու մուտքը ԵՄ հաստատութիւններու շէնքեր:
Իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի Եւրոպական Միութեան առաքելութեան (EUMA) գործունէութեան եւ կ’ընդգծէ անոր կարեւոր դերը: Կը Վերահաստատէ իր մտահոգութիւնը՝ առնչուած EUMA-ի դէմ Ատրպէյճանէն զրպարտչական արշաւներուն հետ. կոչ կ’ուղղէ EUMA-ին շարունակելու ուշադիր հետևելու տեղւոյն զարգացող անվտանգութեան իրավիճակին, թափանցիկ հաշուետուութիւն տրամադրելու խորհրդարանին եւ աշխոյժօրէն նպաստելու հակամարտութիւններու կարգաւորման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ՝ կոչ կ’ուղղէ ԵՄ-ին եւ անոր անդամ պետութիւններուն ուժեղացնելու EUMA-ի մանդատը, մեծցնելու անոր չափը եւ երկարացնելու անոր տեւողութիւնը:
Կը համարէ, որ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու շարունակական ոտնահարումը անհամատեղելի է այդ երկրի մէջ COP29 համաժողովի հետ եւ կոչ կ’ուղղէ ԵՄ անդամ պետութիւններուն ընելու կարելին, որ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան խորհրդաժողովները չհիւրընկալուին այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ցուցանիշները այդքան ցած են:
Բանաձեւը կ’անդրադառնայ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ խօսքի, մամուլի ազատութեան գրեթէ ամբողջական բացակայութեան եւ գրաքննութեան, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի՝ Ատրպէյճանի դէմ աւելի քան 320 վճիռներու պահանջքները չկատարուած կամ թերակատար մնալուն, աւելի քան 300 քաղբանտարկեալներու եւ 23 հայ ռազմագերիներու առկայութեան ու այլախոհներու հետապնդման Ատրպէյճանի եւ անոր սահմաններէն դուրս, Եւրոպայի պաշտօնեաներուն եւ ընտրուած ներկայացուցիչներուն կաշառելու համակարգուած քաղաքականութիւնը՝ «խաւիարային դիւանագիտութիւն»-ը: