Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2024-ին,
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի
Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան
այցելեց Մոնրէալի Հայ Կեդրոնը, ուր
հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի
ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր
Խաչատուրեանին եւ տեղւոյն
պատասխանատուներուն հետ:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող
հանդիպումին հայկական կառոյցներուն
եւ կրթական հաստատութիւններուն
կարեւորութիւնը շեշտուեցաւ ի տես
հայութեան դիմագրաւած
հայապահպանպան, ձուլումի,
այլասերութեան եւ բազմազան
մարտահրաւէրներուն:
Կողմերը լուսարձակի տակ առին
Հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան
համար հայկական միութիւններուն եւ
կազմակեպութիւններուն ունեցած
դերակատարութիւնը։
Հանդիպումը վերջ գտաւ հայրենիքի եւ
աշխարհասփիւռ հայերուն բարօրութեան
փոխադարձ բարեմաղթութիւններով: