Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2024-ին,
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի
Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան
այցելելեց Մոնրէալի Ս. Յակոբ Ազգային
վարժարան: Վերապատուելին
տեսակցեցաւ տնօրէնութեան եւ
հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ
Տէր Պետրոսեանի հետ, ինչպէս նաեւ
դասաւանդութիւններու ներկայ եղաւ:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող
այցելութեան ընթացքին,
Վերապատուելին բարձր գնահատեց
վարժարանի հայապահպանման ուղիով
յառաջընթաց ծրագիրները,
կրթամակարդակն ու
ուսուցիչներու արհեստավարժական
բարձր որակը: