Ճեզիրէի շրջանէն ներս, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներու ընթացքին իրագործեցին հոգեւոր եւ բարոյական յատուկ դասընթացքներ, շաբաթական մեկ օրուայ դրութեամբ, նորահաստատ Սրբոց Թարգմանչաց Կիրակնօրեայ կեդրոնէն ներս։
Սոյն ծրագիրին իրագործման նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը կատարեց ՍԱՆ ՄԱՐԻԴԱՍ բարեսիրական յանձնախումբը, իւրաքանչիւր առիթին անոնք նիւթեր ընտրած էին հետեւեալ ձեւով՝ Ա. Օր ստեղծագործութիւն, Բ. Օր Կորսուած ոչխարը, Գ. Օր ցանելը, Դ. Օր ներողամտութիւնը, Ե. Օր Սէրը, Զ. Օր Աստուծոյ Ապաուինիլ։ Մասնակցողները շուրջ 50 աշակերտներ էին։
Աշակերտները հաճելի եւ օգտաշատ ժամանակ անցուցին իրենց ամառնային արձակուրդի ընթացքին. ինչպես նաեւ վարժարանիս ուսուցչաց կազմը մանկավարժական նորաձեւ եւ աւելի (սիստեմատիկ) մեթոդներու օգտագործման ձեւերը սորվեցան։
Կիրակնօրեայ Վարժարանները Ճեզիրէի բոլոր շրջաններէն ներս գլխաւորութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ հոգշ. Հայր Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի , ոչ մեկ ճիք կը խնայէ ծաղկուն պահելու եկեղեցական եւ հոգեւոր կեանքը։
Այս առիթով մեր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանին եւ հոգշ. հայր սուրբին։
Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան