Անցնող շաբթուան ընթացքին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ վարչապետ դոկտ. Մուհամմէտ Ղազի ալ-Ճալալիին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան եւ Յարաբերական մարմինի անդամներ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յանուն թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան, շնորհաւորեց Սուրիոյ վարչապետը՝ պատասխանատու պաշտօն ստանձնելուն առիթով եւ համագործակցութեան ոգիով կատարեալ յաջողութիւն եւ արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց, ի խնդիր սուրիական հայրենիքի պայծառացման։