Արցախի բռնագրաւումէն ետք Ատրպէյճան կը շարունակէ ոչնչացնել արցախեան ազատագրական պայքարի զոհերուն յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրները։ Այս մասին կ’ահազանգէ «Գեղարդ» հիմնադրամը։
«Այս անգամ վանդալիզմի զոհ դարձած է Ասկերանի շրջանի Խնձրիստան գիւղի՝ Արցախեան եւ Հայրենական մեծ պատերազմներու զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը։ Յատկանշական է, որ ատրպէյճանցիները յատկապէս կը թիրախաւորեն հայ ժողովուրդի յաղթանակները խորհրդանշող յուշարձաններն ու ազգային հերոսներու արձանները։ Ատրպէյճանի հիմնական նպատակն է Արցախի ողջ տարածքը «մաքրել» հայկական ինքնութենէն եւ մշակոյթէն», ըսուած է հրապարակման մէջ։