Աշխարհի այս թոհուբոհին մէջ, երբ տարօրէն կը տագնապիս, բայց անկարող ես որեւէ դրական փոփոխութիւն մտցնելու կամ դարման գտնելու այսքան մեծ ցաւերու, միակ լուծումը կը մնայ տրուիլ աշխատանքի, ընթերցումի, գրականութեան:
Երկար ատենէ ի վեր կ’ուզէի անդրադառնալ անցեալ դարու սկիզբէն, կարգ մը պարագաներու՝ անկէ ալ առաջ ծնունդ առած հայերէն այս գիրքերուն՝ տարեցոյցներուն, որոնք էական մաս կազմեր են հայ ընտանիքներու առօրեային, Կոստանդնուպոլսոյ թէ Սփիւռքի հայահոծ գաղութներուն, ինչպէս Սուրիոյ, Լիբանանի կամ Եգիպտոսի մէջ:
Հետաքրքրական է, որ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի Մամլոյ բաժնին մաս չեն կազմեր տարեցոյցները, հաւանաբար այն պատճառով, որ անոնց հերթականութիւնը տարեկան է, իսկ ծաւալը՝ աւելի մօտ գիրք դասուելու:
Անգլերէնով almanack, ֆրանսերէնով almanac, կը գրուի նաեւ almanach, շատ սիրուած եւ տարածուած գիրքեր եղած են բազմաթիւ երկիրներու մէջ:
Տպագիր առաջին տարեցոյցը հրատարակուեր է Գերմանիոյ Մայնց քաղաքին մէջ, 1457 թուականին, Կիւթէմպէրկի կողմէ, Աստուածաշունչի տպագրութենէն ութ տարի առաջ: Իսկ Նիւրէմպէրկ քաղաքին մէջ Րէճիո Մոնթանուս (Johannes Muller von Konigsberg, 1436-1476, 15-րդ դարու Եւրոպայի ամենայայտնի մաթեմատիկոս ու աստղագէտ, աստղագուշակ եւ առաջին տպագրիչներէն մէկը),1472-ին կը հրատարակէ տարեցոյց մը, որ քանի մը դար շարունակ կը հրատարակուի:
Առցանց բաց հանրագիտարանը՝ Ուիքիփետիան, իր անգլերէն բաժինով ոչինչ կ’ըսէ բառի ծնունդին մասին, կամ մօտաւոր ձեւով կը նշէ, թէ բառը մէկ անգամ գործածուած է հին յունարէնին մէջ, լատիներէնի calendar արմատէն, եւ ոչինչ  կ’ըսէ արաբերէն «ալ-մանախ» բառին մասին, որ նոյն almanac բառին ձեւափոխուածն է եւ որ կլիմայ կը նշանակէ: Հայերէն Ուիքիփետիան այսքանը կ’ըսէ գոնէ:
Անշուշտ այս բառը՝ ալ մանախ=կլիմայ իր բացատրութիւնը ունի: Վաղուց, մանաւանդ երկրագործներն ու նաւազները պէտք ունէին նման գիրքի մը, ուր նշուէր ամէն ամսուան, նոյնիսկ օրերու կլիման, ծովուն մակնթացութիւնն ու տեղատուութիւնը, Եգիպտոսի մէջ՝ Նեղոսի յորդելու օրերը …
Այդ գիրքերուն մէջ կարելի է նաեւ աստղաբաշխական տեղեկութիւններ եւ գուշակութիւններ գտնել:
Աւելի ետք, ժամանակի փոփոխութիւններուն հետ այս հիմնական տեղեկութիւններուն եկան աւելնալ տօն եւ զատիկ օրերու նշումներն ու օրացոյցային տուեալները, ինչպէս նաեւ տարուան կարեւոր դէպքերը եւ նշանաւոր մարդոց կընսագրութիւնները: Կարգ մը պարագաներու եղած է նաեւ գրական բաժին մը:
Սփիւռքահայերը եւս ունեցած են իրենց տարեգիրքերն ու տարեցոյցները, որոնց բովանդակութիւնը, օրացոյցի եւ տօներուն կողքին _ որոնք նոյնն են գաղութէ գաղութ _ տեղական տեղեկութիւններ տուած են ընթերցողներուն:
Այս է պատճառը, որ անցեալ դարու այս գիրքերը երբեմն կոչուած են տարեցոյց, երբեմն՝ տարեգիրք, երբեմն՝ երկուքը միասին, ինչպէս Գահիրէի «Համազգային Տարեցոյց-Տարեգիրք»-ը, որ աւելի ետք Պէյրութ հրատարակուեր է:
Այս առումով շատ հետաքրքրական է Պոլսոյ «Ընդարձակ Տարեցոյց Սուրբ Փրկչեան Հիւանդանոցի»-ն, որուն մէջ միշտ մեծ տեղ տրուած է տեղական օրէնքներուն, նոյնիսկ նամակադրոշմներու մասին, ոսկիի եւ արծաթի մասին, պատմական տեղեկութիւններ Օսմանեան սուլթաններուն առնչուող – որովհետեւ այս տարեգիրքը սկսեր է … 1884 թուականին:
Խմբագիրները եղած են Բիւզանդ Քէչեան, Հրանդ Ասատուր, Նազարէթ Տաղաւարեան, Արշակ Ալպօյաճեան, Թորոս Ազատեան, Մ. Չուխաճեան, Արտաշէս Գալփաքճեան, Հ. Քէշիշեան, Պ. Մանուէլեան եւ Տ. Տէր Մարգարեան:
Դադրեր է 1949-ին:
Նոյն տարին իսկ՝ 1949-ին հիւանդանոցը լոյս կ’ընծայէ ամսագիր մը, «Սուրբ Փրկիչ» անունով: Սակայն մեր այսօրուան յօդուածը կը զբաղի միայն տարեցոյցներով:
Մեր ամէնէն հին տարեգիրքերը եղած են Իտալիա հրատարակուած «Եղանակ Բիւզանդեան Տարեգրութիւն» 1800-1802 եւ «Եղանակ Բիւզանդեան»  1803-1820-ին, Իզմիրի «Եղանակ»-ը 1839, Աւստրիոյ «Տոմար Կամ Օրացոյց Ընտանեկան»-ը 1858-1861:
Աւելի ետք եկած է «Կաւռօշ» տարեգիրքը նախ Պոլիս հրատարակուած 1910-1927, ապա Փարիզ՝ 1928-1932:
Պէտք է ընդունիլ, որ հակառակ «տարեգիրք» բառը կարգ մը տարեցոյցներուն վրայ երեւելուն, մենք կը տարբերենք տարեցոյցը, որ օրացուցային է իր բնոյթով, եւ ինչպէս ըսինք, կը նշէ կլիմային եւ անոր փոփոխութիւններուն, տօներուն, արեւածագի եւ արեւամուտի ժամերուն, մակընթացութեան եւ տեղատուութեան մանրամասնութիւններու կողքին նաեւ տարուան գլխաւոր եւ յիշարժան դէպքերը, նոյն տարուան ընթացքին մահացած հայ թէ միջազգային դէմքերը, երբեմն նաեւ կարճ գրութիւններ, ընդհանրապէս ընդհանուր զարգացումի բնոյթով կամ երգիծական շունչով:
Տարեգիրքերը սակայն այսօր չունին օրացուցային տուեալներ. աւելի գրական-գեղարուեստական-մշակութային բնոյթ ունին, եւ ընդհանրապէս լոյս տեսած են որպէս տարին, իր բոլոր երեսակներով ամփոփող գիրքեր (քաղաքական, մշակութային, գրական եւ այլն), երբեմն նաեւ երկրորդական վարժարանի մը տարեգիրքը որպէս:
Հետաքրքրական է, որ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ լոյս տեսած տարեգիրքերն ու տարեցոյցները, թիւով ամէնէն աւելին են, Կ. Պոլսէն դուրս, այլ գաղութներու մէջ լոյս տեսածներուն հետ բաղդատած՝ 10 եւ 9 հերթաբար.
ՍՈՒՐԻԱ 
Արեւելք, Մինաս Թէօլէօլեան, 1948
Բարձունք, 1958-1973
Դամասկահայ Ամէնուն Տարեգիրքը, Լութֆիկ Եիրիքեան, 1958
Մանանայ, Ա. Գ. Ճիզմէճեան, 1946-1953
Սասուն, 1948
Սուրիական Ալպոմ, 1927-1929
Սուրիահայ Տարեցոյց, Միսաք Սիսեռեան, Միհրան Աճէմեան եւ Եդուարդ Ոսկերիչեան, 1924-1925
Տաթեւ, Արտաւազդ վրդ. Սիւրմէեան, 1925-1930
Տարօն, 1949
Տիգրիս, 1946
ԵԳԻՊՏՈՍ
Ալեակներ եւ Խլեակներ, հայ վրանաքաղաքին տարեգիրքը, տոքթ. Մ. Սալբի (Արամ Սահակեան), 1920
Արաքս-գրպանի Տարեցոյց, 1941-1959
Արմաւենի, 1937-1938, 1 գիրք
Եգիպտահայ Տարեցոյցը, Սուրէն Պարթեւեան, 1914-1918
Եգիպտահայ Տարեցոյց, Լեւոն Աճէմեան, 1925-1926
Եգիպտահայ Տարեցոյց, Սարկաւագ (Յարութիւն Մանավեան), 1928-1951: 1914-1927՝ Պոլիս
Կեանք եւ Գիր Տարեգիրք, Արշակ Ալպօյաճեան եւ Դաւիթ Շահլամեան, 1948
Համազգային Տարեգիրք, 1936։ 1939-1940, 1950-1953՝ Պէյրութ
Ուսումնարան Տարեգիրք, 1957-1962
Այս ցանկին մէջ կան տարեցոյցներ (օրացուցային) եւ տարեգիրքեր, ուր աւելի պատմական-գրական-մշակութային բովանդակութեան կը հանդիպինք, աւելի լուրջ եւ երկար յօդուածներով, մինչ առաջիններուն պարագային գրութիւնները կարճ են ընդհանրապէս:
Տարեցոյցներուն մէջ ամէնէն երկարակեացը պէտք է համարել «Ընդարձակ Տարեցոյց Սուրբ Փրկչեան Հիւանդանոցի»-ն, իսկ ամէնէն ժողովրդայինը՝ Թէոդիկի «Ամենուն Տարեցոյցը»:
Իրապէս ալ, երբ մնացեալ տարեցոյցներն ու տարեգիրքերը մոռացութեան գիրկը ինկած են, «Ամէնուն Տարեցոյցը»
բոլորովին վերջերս արժանացած էր երկրորդ ամբողջական հրատարակութեան մը եւ դարձեալ մեծ ժողովրդականութիւն գտած:
Այս տարեցոյցներուն մասին Ուիքիփետիայի մէջ կը կարդանք հետեւեալ ամփոփ եւ ամբողջական տեղեկութիւնը.
«Աւելի մեծ ժողովրդականութիւն ձեռք բերած է «Ամէնուն Տարեցոյց»-ը յայտնի տարեգիրք ժողովածուներով, որ առաջին անգամ լոյս ընծայած է 1907-ին, համիտեան բռնապետութեան խստագոյն տարիներուն։ Յաջորդ տարուընէ Թուրքիոյ մէջ հռչակուած Օսմանեան սահմանադրութիւնը հնարաւորութիւն տուած է առաւել բազմակողմանի դարձնել տարեցոյցները, ապահովելով ժամանակի գրեթէ բոլոր ականաւոր գրողներու եւ հայ գործիչներու աշխատակցութիւնը։ Բազմաթիւ նկարներով, գրական, բանասիրական, վիճակագրական եւ այլ կարգի նիւթերով, խնամքով լոյս տեսած այդ հատորները, յատկապէս՝ 1909, 1910, 1911, 1912, 1913, 1914 եւ 1915 թուականներու տարեգիրքերը, կը նկատուին հայ կեանքը եւ մշակոյթը ներկայացնող փոքրիկ հանրագիտարաններ։
Մեծ Եղեռնի տարիներուն աքսորուած է Թուրքիոյ խորքերը, ընդհատած սիրած գործը։ Մեծ Եղեռնէն ետք վերադարձած է Պոլիս, 1919-ին հրատարակած է 1916-1920 թթ. միացեալ տարեգիրքը, ապա՝ 1921, 1922, 1923 տարիներունը։
Քեմալական շարժման յաղթանակէն յետոյ մեկնած է Փարիզ, ուր ապրած է մինչեւ կեանքին վերջը, հրատարակելով 1924, 1925, 1926, 1927, 1928, 1929 թուականներու տարեգիրքերը, որոնցմէ 1926-ը տպագրած է Վենետիկի մէջ։ Վերջին հատորի տպագրման ընթացքին մեռած է կաթուածէ»։
Անցեալ դարուն այս տարեցոյցներն ու տարեգիրքերը եղած են ոչ միայն հաճելի՝ «Զբօսալի եւ պիտանի» ինչպէս կը կարդանք «Ամէնուն Տարեցոյցը»-ին վրայ, այլ նաեւ փոքր պատառներով ընդհանուր զարգացման տիրանալու արագ միջոց:
Ափսոս որ անոնց համազօր ոչինչ ունինք այսօր, մանաւանդ այնպիսի տարեցոյցներ, որոնք հաճելի ձեւով գրականութեան, երաժշտութեան եւ մեր մշակոյթին այլ երեսակներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեն նոր սերունդին, թէկուզ առցանց:
Մարուշ Երամեան