Կրթական բնագաւառը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող մարզը եղած է միշտ: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Հայոց թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Հայրապետը հոգեւոր թէ համայնքային պատասխանատուներուն թելադրեց առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ կրթական կեանքին։
Այս ծիրէն ներս, Պոսթընի մէջ, Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2024-ին, համայնքի նուիրեալ ընտանիքներէն՝ Կիւզէլեաններու բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընթրիք մը, որուն ներկայ գտնուեցան Վեհափառ Հայրապետը եւ գաղութի զաւակներէն ոմանք։ Հանդիպման նպատակն էր Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ ամէնօրեայ վարժարանին ընդլայնման ու արդիականացման ամբողջական ծրագիրը ներկայացնել ու ստանալ պոսթընահայութեան զօրակցութիւնը։
Հանդիպման աւարտին, Կիւզէլեան ընտանիքէն Մայքըլը ներկայացուց վարժարանին յիշեալ ծրագիրը եւ յոյս յայտնեց, որ Պոսթընի հայութիւնը թեւ ու թիկունք կը կանգնի ծրագրի իրականացման։ Նշենք, վարժարանի պատասխանատուները առանձին հանդիպում ունեցան Նորին Սուրբ Օծութեան հետ՝ իմանալու համար անոր տեսակէտը ծրագրին շուրջ։ Հայրապետը իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց անոնց, միաժամանակ թելադրելով՝ հանգրուանային կերպով վարժարանը մինչեւ երկրորդական կարգի հասցնելու ծրագիր ունենալ։
Աւելի ուշ, Տիթրոյթի մէջ, Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբերին, նախաձեռնութեամբ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ, կազմակերպուեցաւ յատուկ հաւաք մը՝ սատարելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի առաքելութեան։
Ընթրիքի ընթացքին ներկաները դիտեցին Դպրեվանքի առօրեային առնչուած կարճ տեսերիզ մը։ Յաջորդաբար խօսք առին երեկոյի հովանաւոր Ռաֆֆի Քիւրէճեան եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, որոնք ընդգծեցին Դպրեվանքին օժանդակելու հրամայականը։
Աւարտին, ներկաներուն իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը ուղղեց Վեհափառ Կաթողիկոսը։ Ան ըսաւ, որ Դպրեվանքը սովորական վայր մը չէ, ուր աշակերտներ կը յաճախեն սովորական ուսում ստանալու համար. Դպրեվանքը մարդակերտման, մա՛րդ պատրաստելու դարբնոց է: Այս սիրոյ սեղանին շուրջ գտնուող բոլոր հոգեւորականները անցած են Դպրեվանքէն, հոն թրծուած ու վերամարդացած են՝ երթալու ու իրենց ծառայութիւնը մատուցելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Դպրեվանքին նպատակն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական ոգին դրոշմել մարդուն մէջ, ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը:
Կարեւորութեամբ յիշենք, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական բոլոր այցելութիւններու ընթացքին, շեշտեց գաղութներուն մէջ կրթական կեանքը վերակազմակերպելու կարեւորութիւնը՝ հայ դպրոցը նկատելով եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր տարածքներէն մէկը՝ հայ կեանքէն ներս հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու ամրապնդման նուիրուած։