«Անտարբեր է նոր սերունդը…». կա՞յ անձ մը, որ այս բողոքը երբեւէ լսած չըլլայ այն սերունդէն, որ արդարօրէն առիթ բաց չի՛ թողուր քըննադատելու նորերուն անհետաքրքրիր պահուածքը, ինչ որ իրեն համար խոցելի ըլլալ կը թուի։
Շատերու համար «խոցելի» արտայայտութիւնը ցաւցնող ճշմարտութիւն է, սակայն կեանքը կու գայ փաստելու որ կան բացառութիւններ. անոնցմէ են օրինակ Բերիոյ Հայոց Թեմի «Գանձասար» շաբաթաթերթին կազմակերպած «Երիտասարդ Լրագրողներու Վերապատրաստման» սեմինարին մասնակից երիտասարդ-երիտասարդուհիները, որոնք Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն համախմբուեցան՝ հայ մամուլին հանդէպ իրենց հետաքրքրութեան բերումով գիտելիքներ ու վարժութիւն ձեռք ձգելու:
Որպէս երիտասարդներ՝ մեզի համար հետաքրքրական էին սեմինարի նպատակն ու նիւթերը, սակայն նոյնքան յատկանշական էր սեմինարին Քեսապի մէջ տեղի ունենալը, որուն աշունը տարբեր է բոլոր այլ աշուններէ: Ոտք դրած էինք ա՛յն հողին վրայ, որ քանի մը տարի առաջ՝ 21 Մարտ 2015-ին, թիրախ դարձած էր թրքական հովանաւորութեան տակ գործող զինեալ ահաբեկիչներու ներխուժման։ Ներխուժում մը, որ բազմաթիւ հայերու տեղահանութեան պատճառ դարձած էր, սակայն այսօր դարձեալ հո՛ս ենք, նոյն Քեսապին մէջ, ուր վերադարձած մեր հայորդիները կը շարունակեն ցանել, հնձել, արարել ու ապրիլ Կիլիկեան այս բեկորին վրայ՝ հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններուն: Երեք օրեր անցընելով այնտեղ, քեսապահայերու հետ զրուցելով առնչուեցանք Քեսապի հայկական այնքան գեղեցիկ եւ իւրայատուկ դիմագիծին։
Սեմինարի մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը, բնականաբար, ունէր տարբեր մտածելակերպ ու աշխարհահայեաց, սակայն անոնց մէջ կար հասարակաց գիծ մը. հաւատք մամուլի ու լրագրութեան առաքելութեան հանդէպ։ Բոլորը լաւապէս կը գիտակցէին մեր ազգային ու հաւաքական կեանքէն ներս մամուլի կարեւոր դերին:
Վստահաբար երեք օրերը բաւարար չէին ամբողջութեամբ խօսելու հայ մամուլի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէրներուն մասին, սակայն դասախօսները յաջողեցան մասնագիտականօրէն խօսիլ լրագրողի մը բարոյագիտութեան, քննական մտածողութեան, յօդուածագրութեան եւ լրագրութեան տարրական օրէնքներուն մասին, մեր դիմաց բանալով յաջող յօդուածագիր կամ լրագրող ըլլալու առաջին դռները. անոնք յաջողեցան վարպետօրէն փոխանցել իրենց տարիներու փորձառութիւնն ու գիտելիքը, մղեցին, որ մեր հետաքրքրութիւնը աճի ու մենք քաջատեղեակ ըլլանք տեղեկատուական ու հրապարակագրական դաշտի կարեւոր դերին՝ հասարակութեան կարծիքի ձեւաւորման մէջ:
Այսօր, կը գիտակցինք, որ իբրեւ սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդներ պարտաւոր ենք ունենալ քննական մտածողութիւն, քաղաքական եւ այլ հարցեր վերլուծելու կարողութիւն, ընթերցել տարբեր կարծիքներ ու տեսակէտներ, որպէսզի անդրադառնանք թէ ո՛ւր կ’երթայ աշխարհը եւ ի՛նչ է մեր դերը։
Հայ մամուլը տասնամեակներ շարունակ կարեւոր դեր ունեցած է այս մտածողութիւնը մշակելու եւ զարգացնելու մէջ, սակայն տարուէ տարի անոր դերակատարութիւնը կը բարդանայ, որովհետեւ այսօրուան աշխարհը այն չէ՝ ինչ որ էր երէկ, հետեւաբար ինչպէս ամէն կառոյց, նոյնպէս մամուլը եւ մամուլի ճամբով մենք՝ երիտասարդութիւնս, պարտաւոր ենք յարմարիլ 21-րդ դարու ժամանակակից պահանջներուն:
Անկասկած, որ այս սեմինարը առիթ հանդիսացաւ ընդլայնելու մեր մտահորիզոնը, մեծապէս օգտակար դարձաւ ծանօթանալու գրելու արուեստին, զարկ տալու ընթերցանութեան, քննական մտածելակերպին, որպէսզի իմաստաւորուի մեր կատարած լրագրութիւնն ու հրապարակագրական փորձը:
Սակայն այս բոլորին կողքին կարեւոր էր այն երեւոյթը, որ մասնակից երիտասարդութիւնը միայն ունկնդիրի դրութեան մէջ չէր։ Անոր եւս առիթ կը տրուէր խօսելու եւ արտայայտուելու, բարձրաձայնելու իր կարծիքն ու մտահոգութիւնները, որովհետեւ սերունդներու սերտ յարաբերութեամբ է, որ կարելի կ’ըլլայ հինը զարգացնել եւ նորը իմաստաւորել:
Ներկայ աշխարհը շատ անգամ առանց երիտասարդութեան խօսքի իրաւունքը ճանչնալու կը քննադատէ զայն, առանց լաւապէս հասկնալու, թէ ի՛նչ կը պահանջէ նոր սերունդը նախկինէն, գիտակցելով նաեւ նախկին սերունդին սպասումներուն նորերէն, սակայն այս սեմինարը երիտասարդութեան առիթ տուաւ խօսելու, ինչպէս նաեւ մտածելու բոլոր այն հարցերուն մասին, որոնք կը դիմագրաւեն հայ մամուլն ու անոր առնչակից երիտասարդութիւնը։
Կասկած չունինք, որ այս սեմինարը խթանեց մեր լրագրական հետաքրքրութիւնը ու զարգացուց մեր մտածելակերպը, գիտակցելու ապագային մեր դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներուն եւ լաւապէս ըմբռնելու զանոնք յաղթահարելու միջոցները:
Միւս կողմէ կը գիտակցինք, սակայն, որ մեր պարտաւորութիւնն ու ընելիքը երեք օրերու սեմինարի մասնակցելով չեն լրանար. առաջին հերթին երիտասարդութիւնը պէտք է կենդանի ներկայութիւն ըլլայ ազգային կեանքէն ներս, այս պարագային մամուլին մէջ, շրջելով այն սխալ մտածումը, որ թերթն ու մամուլը «ծեր»-երու յատուկ են եւ ժամանակավրէպ։ Պէտք է գիտակցիլ, որ ազգի մը մտաւոր պատկերը կարելի է իր մամուլի էջերուն մէջ գտնել եւ մենք ամէն գնով պարտինք անաղարտ ու մաքուր պահել այդ պատկերը՝ մեր աշխատանքը, մամուլն ու արդի արհեստագիտութիւնը ծառայեցնելու ազգի հզօրացման:
Կը հաւատամ, որ այս բոլորը կրնանք իրականացնել աշխատանքով, որովհետեւ աննկարագրելի է սուրիահայ երիտասարդին պայքարելու եւ գոյատեւելու, սորվելու եւ ինքզինք զարգացնելու կենսուժը։ Ան լաւապէս գիտէ յաղթահարել բոլոր խոչընդոտները եւ հակառակ այլասերիչ յորձանուտին յանձն կ’առնէ պահել իր հայկականութիւնն ու ազգային դիմագիծը, որոնց ժառանգորդն ու պաշտպանը պիտի ըլլայ հաւատարմօրէն:
Սիրան Արապանեան