ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Շաբաթ օր վերջ գտաւ Սուրիոյ թենիսի ախոյեանական մրցաշարքը, որ երկար տարիներ ետք կրկին տեղի ունեցաւ Հալէպի մէջ:
Մրցաշարքի աղջկանց 14-էն վար տարիքի երկրորդ դիրքը գրաւեց Հալէպէն  Նանի Չիրիշեան, որ բարձրորակ մակարդակի խաղարկութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ սոյն մրցաշարքին:
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց ախոյեանութեան երկրորդ փուլի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի աղջկանց կազմը ծանր պարտութիւն մը կրելով 104 – 39 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Դամասկոսէն ժամանած ալ-Սաուրա խումբէն: Տղոց U20-ի մրցումներուն տղոց խումբը դարձեալ ձախողութիւն մը արձանագրելով 101- 64 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Հուրիէի կազմէն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԿ ԽԼՈՅԵԱՆ ՆՈՒԱՃԵՑ ԱԽՈՅԵԱՆԻ ԿՈՉՈՒՄ
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Հայկ Խլոյեան նուաճեց ախոյեանութիւն: Ալպանիոյ մայրաքաղաք Տիրանայի մէջ ընթացող Մ23 տարեկաններու ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան յունահռոմէական ոճի 97 քկ. ծանրութեան կարգի ոսկէ մետալի համար գօտեմարտին մէջ  Հայկ Խլոյեանի մրցակից դարձաւ միջազգային դաշնութեան դրօշի ներքոյ հանդէս եկող Ապուպակար Խասլախանաուին: Խլոյեան կրցաւ առաւելութեան հասնիլ 11 – 6  արդիւնքով: Նախօրէին, մինչեւ 23 տարեկաններու աշխարհի առաջնութեան արծաթէ մետալակիր  դարձաւ Շանթ Խաչատրեան։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԱՖԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ՖՈՒԹՊՈԼ ԽԱՂԱԼԷ
Ռէալ Մատրիտի եւ Մանչեսթըր Իւնայթըտի պաշտպանական խաղացող Ռաֆայէլ Վարան յայտարարեց, թէ պիտի հրաժարի ֆութպոլ խաղալէ: 31-ամեայ մարզիկը յայտնեց, որ 14 տարի ետք ան պիտի հեռանայ դաշտերէն որպէս խաղացող, եւ որոշ ժամանակ մը դադար առնելէ ետք պիտի մտածէ անցնիլ մարզիչութեան ասպարէզ: Վարան 17 տարեկանին մաս կազմեց Լանսի պատանեկան խումբին, որմէ ետք միացաւ Ռէալ Մատրիտին անոր հետ դառնալով խումբի կարեւոր եւ լաւագոյն խաղացողներէն մէկը, տիրանալով բազմաթիւ տիտղոսներու: Վերջին երեք տարիներուն ան միացաւ Անգլիոյ Մանչեսթըր Իւնայթըտին:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան