Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը ներկայացնէ ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի դիրքորոշումը՝ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի կողմէն ամերիկահայ համայնքին ուղղուած ուղերձի ձեւաչափով։ ԱՄՆ նախագահական թեկնածուներէն որեւէ մէկը չէ վաստակած Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի աջակցութիւնը։ Երկու կողմերն ալ պատասխանատուութիւն կը կրեն՝ Ատրպէյճանը զինելու, Ատրպէյճանի կողմէն ցեղասպանութիւն իրականացնելու օժանդակելուն եւ Արցախը լքելու համար։ Որեւէ մէկ կողմ չէ հրաժարած կամ չեղարկած այս անխոհեմ, անպատասխանատու եւ ցեղասպանութեան աջակցող քաղաքականութիւնը: Մենք կը շարունակենք աշխատիլ երկու կողմերու հետ եւ կ’ողջունենք անոնց զօրակցութեան խօսքերը՝ հայ-ամերիկեան քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու վերաբերեալ։ Գիտակցելով, որ քարոզարշաւի յայտարարութիւնները կ’օգնեն մօտաւոր ուղենիշ սահմանել Ուաշինկթընի մէջ մեր հարցերու ձեւակերպման համար՝ այնուամենայնիւ, նկատի կ’առնենք մեր սեփական փորձը, երբ ակնյայտօրէն չի ներկայացուիր որեւէ տեսակի պայմանագրային պարտաւորութիւն փաստացի քաղաքականութեան համար, պաշտօնը ստանձնելէն վերջ:

Այնուամենայնիւ, մենք պէտք է նշենք՝ մեր երկիրը ղեկավարելու ձգտողներու կողմէն կատարուած այս յայտարարութիւնները, ըստ էութեան, մեր աշխատանքի, այն դիրքի ու յարգանքի արդիւնքն են, որ մենք վաստակած ենք մեր աշխատանքի հետեւանքով՝ յատկապէս Միշիկընի, Փենսիլվանիայի, Ուիսքոնսինի, Ճորճիայի, Հիւսիսային Գարոլինայի, Նեւատայի, Արիզոնայի եւ այլ «ճոճուող» նահանգներուն մէջ։ Քաղաքական գործիչները կը ձգտին վաստակել մեր ձայները, որով պէտք է աշխատի մեր ժողովրդավարութիւնը: Թէեւ մենք ոգեւորուած ենք մեր աջակցութիւնը ստանալու համար առկայ մրցակցութենէն, հիմնական հարցը կը մնայ այն, որ խօսքերը բաւարար չեն: Խոշոր կուսակցական թեկնածուներէն ոչ մէկը չէ ունեցած այն որոշակի արդիւնքները, որոնք ի վիճակի ապահոված են մեր աջակցութիւնը ընտրութիւններէն առաջ։ Մենք վաղուց թևակոխած ենք այն օրը, երբ կը հաւատայինք քարոզարշաւային շատ յաճախ դատարկ խոստումներուն, թէ ինչ պիտի ընեն թեկնածուները ընտրուելէն վերջ: Այսօր կան գործողութիւններ, որոնք կրնան իրականացուիլ. Հանրապետականները․ Օրինակ, նախագահ Թրամփը կրնայ հրապարակայնօրէն կոչ ուղղել խօսնակ Ճոնսընին ընդունելու 7288 բանաձեւը` կիրառելով 907-րդ յօդուածի սահմանափակումը ԱՄՆ-ի կողմէն Ատրպէյճանին տրամադրուող օժանդակութեան վերաբերեալ: Ճէյ Տի Վենսը, որպէս ԱՄՆ գործող ծերակուտական, կրնայ հուանաւորել 540 բանաձեւը, որ կ’ուսումնասիրէ Ատրպէյճանի կողմէն ԱՄՆ-ի օժանդակութեան օգտագործումը հակահայկական զինուորական յանցագործութիւններ կատարելու համար: Դեմոկրատները․ Փոխնախագահ Հարիսը կրնայ յայտարարել վարչակազմի կողմէն 907-րդ բանաձեւի պաշտօնական կիրարկման, Ատրպէյճանի դէմ Մակնիցկիի պատժամիջոցներու կիրառման եւ COP29-ին մասնակցելէն հրաժարելու մասին, քանի տակաւին բոլոր հայ պատանդները ազատ չեն արձակուած: Այս ամէնը ըսելով՝ մենք խորապէս հպարտ եւ ոգեւորուած ենք այս տարուան ընտրական փուլին մեր համայնքի գործուն մասնակցութեամբ եւ ուրախ ենք տեսնելու, որ թեկնածուները կը մրցին մեր ձայներու համար՝ ձգտելով վաստակել մեր վստահութիւնը: Սա յարգանքի տուրք է հայկական ծագում ունեցող մեր հայրենակից ամերիկացիներուն, որոնք ձեւաւորուած են որպէս առանցքային ընտրական ուժ, որ օգտագործելով մեր հաւաքական աղբիւրները, կրնայ գործել ռազմավարական կարեւորութեամբ՝ ամերիկեան քաղաքական ասպարէզէն ներս ուշադրութեան հրաւիրելով Արցախի գոյատեւման եւ Հայաստանի անվտանգութեան վրայ։ Եթէ դուք հիասթափուած էք, թէ ինչպէս կ’ընկալեն ձեր նախընտրած թեկնածուին ամերիկահայ ընտրողները, ըրէք ամէն ինչ ձեր թեկնածուն մղելու, որպէսզի անոնք պատասխանատուութեան ենթարկեն Պաքուն, զսպեն ատրպէյճանական նոր յարձակումը, ապահովեն հայ պատանդներու ազատ արձակումը եւ ճանապարհ հարթեն հայերու Արցախ վերադարձին։ Գործելով առանց վախի եւ բարեհաճութեան՝ Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը պիտի չիջեցնէ մեր համայնքին չափանիշները՝ որեւէ թեկնածու ընդունելու կամ հաւանութիւն տալու համար, այլ, աւելի շուտ, աւելի մեծ եռանդ եւ նուիրուածութիւն կը հաղորդէ թեկնածուներուն մեր արդար խնդիրները բարձրացնելու գործին մէջ։ Շարունակեցէ՛ք ճնշումը։ Ատիկա կը գործէ։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ