Ռուսիոյ նախագահ Փութին յայտարարած է, որ Մոսկուա ամէն ինչ կ՛ընէ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը իրականութիւն դարձնելու համար։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Փութին նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Գուրգէն Արսէնեանի հաւատարմագրերը ընդունելու արարողութեան ընթացքին։
«Մեր համագործակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ կառուցուած է նոյն ոգիով։ Մենք ըրինք եւ կ՛ընենք ամէն ինչ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար։ Հետագային եւս կը շարունակենք աջակցիլ խաղաղութեան պայմանագիրի, պետական սահմանի սահմանազատման և տնտեսական ու ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման աշխատանքներուն՝ 2020-2022 թուականներու ամենաբարձր մակարդակով եռակողմ համաձայնագրերուն համապատասխան», յայտնած է Փութին։
Ռուսիոյ նախագահ ուշադրութեան հրաւիրած է Հոկտեմբերին Կազանի մէջ տեղի ունեցած ՊՐԻՔՍ-ի գագաթնաժողովի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի զրոյցին վրայ։
«Չեմ կրնար իմ գոհունակութիւնը չյայտնել այն բանի համար, որ Ատրպէյճանի և Հայաստանի ղեկավարները օգտուեցան Կազանի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի գագաթնաժողովի հարթակէն եւ օգտակար զրոյց ունեցան տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ ազգամիջեան համաձայնութեան հասնելու սկզբունքային հարցերու շուրջ», ընդգծած է Փութին։