Թուրքիոյ մէջ հազարաւոր մարդիկ փողոց ելած են՝ արտայայտելու իրենց բողոքը ընդդիմադիր կուսակցական քաղաքապետերու ձերբակալման եւ անոնց փոխարէն իշխանական հոգաբարձուներու նշանակման դէմ:
Ցոյցերը տեղի ունեցած են երկրի արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող Մարտին, Պաթման եւ Հալֆէթի քաղաքները, ուր Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան կողմէ նշանակուած էին հոգաբարձուներ (դրածոյ):
Հարկ է նշել, որ 4 Նոյեմբերին քաղաքապետարաններուն դիմաց տեղի ունեցած ցոյցերուն միջամտած է ոստիկանութիւնը եւ բիրտ ուժ կիրառած:
«Էրմէնիհապէր» կը յիշէ, որ ոստիկանութեան կողմէ օգտագործուած է պղպեղային կազ եւ ջրցան: Ընդհանուր առմամբ ձերբակալուած է նուազագոյնը 60 մարդ, այդ կարգին՝ «Ժողովուրդներու հաւասարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան» (DEM) եւ «Ժողովրդավարական շրջաններու կուսակցութեան» ղեկավար շրջանակներ:
Ցուցարարներու մէջ եղած են նաեւ «DEM» կուսակցական, Պաթմանի համանախագահ, կին քաղաքական գործիչ Կիւլիստան Շիոնուք, որ թրքական լրատուական «Bianet» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է.
«Մենք այստեղ պիտի մնանք, քանի դեռ այդ որոշումը չեղեալ չէ համարուած: Այստեղէն ոչ մէկը ետքայլ պիտի
կատարէ»:
Աւելցնենք, որ ընդդիմադիրներու եւ իշխանութիւններու միջեւ վերջին (31 Մարտի) տեղական ինքնակառավարման մարմիններու  (ՏԻՄ) ընտրութիւններէն ետք անհաւասարակշռութիւն ձեւաւորուած է. հակառակ անոր որ խորհրդարանական եւ կառավարական իշխանութիւնը կը շարունակէ մնալ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (AKP-ԱԶԿ) ձեռքը, ՏԻՄ-ի ղեկավարներու պաշտօններու վրայ  առաւելաբար ընտրուած են ընդդիմադիր գործիչներ, ինչ որ սկսած է պատճառ դառնալ ընդդիմադիրներու նկատմամբ տարատեսակ բռնաճնշումներու եւ ձերբակալութիւններու: