Այս օրերուն միահամուռ կ’ոգեկոչենք Շուշիի մատոյցներուն նահատակուած սուրիահայ ընկերներու՝ Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սեքլէմեանի անմահ յիշատակը։ Յիշատակ մը, որ թէեւ քառամեան բոլորած, բայց մշտանորոգ է եւ թարմ մեր սրտերուն մէջ։
Արցախի 44 օրեայ պատերազմին մասնակցած մեր խիզախ ընկերները անսացին հայրենիքի կանչին, աներեր ճակատ ուղղուեցան եւ զինուած «իմացեալ մահով» գրկեցին անմահութիւնը՝ յանուն արցախահայութեան բարօրութեան եւ Արցախ հայրենիքի ազատութեան։
Այնուհետեւ ընկերներու օրինակը ուսանելի դարձաւ ու անոնց գերագոյն զոհողութիւնը մեր ազգային գոյերթին ճամբան լուսաւորեց։
Հայ ժողովուրդը միշտ ալ մատղաշ սերունդները կը դաստիարակէ ուղենիշ ունենալով հերոսներու կեանքը, իսկ մեր նահատակները մեզ կը յուշեն արդարութեան համար պայքարիլ ու ժողովուրդի սիրոյն յանձն առնել ամէն զոհողութիւն։
Այսօր միասնաբար կը խոնարհինք անոնց յիշատակին ընդառաջ եւ անոնց սխրանքը մեր հոգիները կը լեցնէ ազգային հպարտութեամբ։ Անոնք յաւերժ կ’ապրին մեր մէջ, իսկ մեր ճիտին պարտքն է հաւատարիմ մնալ անոնց ընտրած գաղափարական ուղիին եւ հայութեան մեծ երազանքին՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին։ Այս տեսլականի կրողներն էին մեր նահատակ ընկերները եւ այս ճամբուն ընթացքին ալ անոնք ընծայաբերեցին ամենաթանկը՝ իրենց սուրբ կեանքը։
Այսօր յարատեւ պայքարի պատգամն է որ կը հնչեցնեն մեր հերոսները։ Ազգովին անսանք այս կոչին, յատկապէս հայրենիքի ներկայ դժբախտ իրավիճակին ի տես, երբ Արցախի կորուստը ցաւ պատճառող ու տակաւին կոտտացող բաց վէրք է իւրաքանչիւրիս համար։
Արցախի մեր նահատակները կը պատգամեն, որ Արցախը հայկական է ու պիտի մնայ հայկական։ Անոնց կոչը անլռելի ղօղանջ է, որ անտարբեր հայը զգաստանայ եւ հայը հայրենքի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, իբրեւ ազգ, դառնայ մէ՛կ սիրտ ու մէ՛կ բռունցք։ Անոնք մեզի կը պատգամեն անսալ պայքարի զօրակոչին եւ զինուորագրուիլ Հայ Դատին ու չյանձնուիլ պարտուողական յորձանքին։ Եւ վերջապէս, անոնք մեզի կը պատգամեն վերատիրանալ այն բոլորին, զորս մենք կորսնցուցինք մեր այսօրուան անհայրենասէր եւ անկարող իշխանութեան պատճառով։
Տղոց թափած արիւնը մեզի աւելի՛ կը պարտաւորեցնէ խրոխտ եւ վճռակամ նետուելու աշխատանքի դաշտ։ Յարութի, Յակոբի եւ Մոսիկի օրինակով, հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի հանդէպ անսահման սիրով տոգորուած, ընթանանք դէպի յառաջ՝ ազգային միասնականութեան ջահը միշտ բարձր պահած։
Եւ ահա՛, ա՛յս է յաւերժական կտակը մեր նահատակներուն։
Գաղափարակից ընկերներ