Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդին հրատարակչական եւ ուսումնասիրական աշխոյժ գործունէութիւնը մտքով զիս կը փոխադրէ միջնադարուն նոյն տարածքին մէջ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ նախկին Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու կից գտնուող դպրատուն-գրչատունը, ուր համաձայն Բերիոյ Թեմի արխիւներուն գրուած են աստուածաբանական, մեկնողական, ծիսական եւ պատմական բնոյթի ձեռագիր մատեաններ, հայրենի հողէն դուրս, օտար եւ այլակրօն միջավայրի մէջ հարստացնելով Թեմի հոգեւոր-մշակութային կեանքի գանձարանը, յանուն նախնեաց հաւատքի եւ մշակոյթի պահպանման։
Թաւալող դարերու եւ տարիներու ընթացքին, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս այդ գանձարանը հարստացած է նաեւ գիրքերու հրատարակութեան ճամբով։ Այս տարի եւս, Թեմի Առաջնորդին հայացումով եւ հեղինակութեամբ, կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ լոյս կը տեսնեն հինգ գիրքեր ՝ որպէսզի հայ հոգիի վերազարթնումին կրակարաններէն մէկը հանդիսացող Բերիոյ Հայոց Թեմը հաւատարիմ մնայ նախնեաց աւանդին ու շարունակէ նոր աւիշ հայթայթել թեմի հոգեւոր-մշակութային կեանքի գանձարանին։
«Աստուած Մարդ Յարաբերութիւնը Քրիստոսով» խորագիրը կրող գիրքը երկհատոր հրատարակութիւն է։ Լոյս տեսած է հրամանաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, հեղինակն է թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան։  Տպուած է Հալէպ, 2024-ին,  Ոսկետառ տպարան-հրատարակչատան մէջ։ Կողքի սրբապատկերը գործն է սրբազան հօր եղբօր՝ Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի, Իտալիա։
Գիրքը կը հրատարակուի ազնիւ մեկենասութեամբ Տէր եւ Տիկ. Բենո եւ Սիւզի եւ իրենց Դստեր Վարդի Պետրոսեաններու՝ ի յիշատակ իրենց ծնողաց եւ մեծ հօր ու մօր՝ Յովհաննէսի եւ Նուարդի։
Սրբազան հօր ներածականէն կ’իմանանք, որ գիրքի վերանայումները, յղումներն ու սրբագրութիւնները կատարած է սրբազան հօր աւագ միաբանակից եղբայրներէն՝ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան։
Երկհատոր այս ծնունդին առաջին Հատորը կը ներկայացնէ Մատթէոսի Աւետարանի 1-18-րդ գլուխներու, իսկ երկրորդը՝ 19-28-րդ գլուխներու բացատրողականը։
Գիրքը իր ամբողջութեան մէջ կը բաղկանայ 1082 էջերէ ու թէեւ տպուած է 2024-ին, սակայն  տարիներու ուսումնասիրութեան, վերլուծութեան եւ բացատրողական մեկնութեան աշխատութիւն մըն է, որ իրականութեան մէջ հեղինակ սրբազանին հոգեւոր եւ իմացական բեղմնաւոր ներաշխարհին արգասիքը կը ներկայացնէ։ Իրողապէս ալ սրբազան հայրը անյագ ընթերցող մը ըլլալու կողքին, նման հրատարակութիւններու ճամբով քրիստոնէական դաստիարակութեան իր կարեւոր ներդրումը կը բերէ։
Ինչո՞ւ այս վերնագիրը՝ Աստուած Մարդ Յարաբերութիւնը Քրիստոսով
Յառաջաբանին մէջ հեղինակ սրբազանը կ’ընդգծէ, կը մէջբերեմ.
«Մարդկային պատմութեան մէջ, Աստուած Քրոստոսի միջոցաւ  մարդուն շօշափելի կը դարձնէ իր սէրն ու փրկութիւնը, երբ Քրիստոս կ’ըսէ. «Ես եմ, մի՛ վախնաք», ըսել կ’ուզէ  ճանչցէք զիս, դարձէք ինծի եւ փնտռեցէ՛ք զիս», մէջբերման աւարտ։
Որո՞նց ուղղուած է այս գիրքը։
Գիրքի յառաջաբանին մէջ  Մակար սրբազան կը յայտնէ,
«Մեր ժողովուրդի զաւակները եւ մանաւանդ նոր սերունդը լուրջ դժուարութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուին, մօտենալու եւ ճանչնալու համար Աստուծոյ Խօսքը, ինչպէս նաեւ աճելու եւ հասուննալու իրենց հաւատքի կեանքին մէջ։ Անհրաժեշտ գիտելիքներու եւ տեղեկութիւններու պակասին պատճառով, շատ յաճախ անոնք անորոշութեան մատնուած՝ հարցերու պատասխան կը փնտռեն, օրինակ՝ Աստուծոյ, Քրիստոսի, Եկեղեցւոյ, յաւիտենական կեանքի եւ այլ ճշմարտութիւններու մասին։ Այս պատճառով ալ, երբեմն իրենք զիրենք օտար եւ հեռու կը զգան իրենց մայր եկեղեցիէն ու հաւատքէն»։
Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազան հայրը ներածականին մէջ կը յուսայ, որ այս աշխատանքը օգտակար կ’ըլլայ ընդհանրապէս մեր ծնողներուն, զաւակներուն, կրօնի եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներուն, համալսարանական ուսանողներուն, դպրոցական աշակերտներուն եւ հոգեւոր եղբայրակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ բոլոր Աստուծոյ խօսքին ծարաւը ունեցողներուն՝ առաջնորդուելու Իրմով եւ աւելի գիտակից կերպով  ծառայելու մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակներուն։
Հակիրճ կերպով կը ներկայացնեմ Մատթէոսի Աւետարանը, ետքը հեղինակ սրբազանին բացատրողական մեկնութեան անդրադառնալու։
Մենք գիտենք, որ աւետարաններու դասաւորման մէջ առաջինը Մատթէոսի Աւետարանն է, հեղինակը Մատթէոս առաքեալն է։
Մատթէոսի Աւետարանը գրուած է ժամանակագրական կարգով, կը սկսի Յիսուսի ազգաբանութեամբ եւ ծնունդով, կը նկարագրէ անոր մկրտութիւնն ու փորձութիւնը, ապա քարոզչութիւնն ու բժշկութիւնները, այնուհետեւ վերջին անգամ մուտքը Երուսաղէմ, անոր կեանքի վերջին շաբթուան դէպքերը, խաչելութիւնն ու Յարութիւնը։
Մակար սրբազան երկու ծաւալուն հատորներու մէջ Աւետարանի իւրաքանչիւր գլուխէ ընտրուած համարներու վերաբերող հարցումներ ուղղած է ու մեկնելով աւետարանական հատուածներէ կարճ պատասխաններ տուած, որուն կողքին պատասխանները բացատրած է մանրամասնօրէն՝ մէջբերելով 2-րդ դարէն սկսեալ մինչեւ 21 դար երկարող Ընդհանրական, ինչպէս նաեւ մեր եւ օտարազգի եկեղեցւոյ հայրերու վկայութիւններ ու մեկնողական գրականութենէն քաղուած կարեւոր գիտելիքներ։ Այնտեղ կը հանդիպինք նաեւ աշխարհագրական, պատմական, ազգային եւ մշակութային տեղական ըմբռնումներու, կենցաղային եւ ընկերային սովորութիւններու, բարքերու եւ սկզբունքներու մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններու։
Այստեղ պէտք է արձանագրել, որ Մակար սրբազան երկհատոր գիրքին բաժանումները,  նիւթերու ներկայացումը , անոնց կառուցուածքային դրութիւնը, նոյնիսկ հարցադրումները  կատարած է հմտութեամբ, հետաքրքրութիւն շարժող եւ ընթերցանութեան մղող մատչելի կառոյց մը ստեղծելով, հակառակ գիրքի պատկառելի ծաւալին։ Երկհատոր գիրքը օժտուած է հարուստ ծանօթագրութիւններով։
Յառաջաբանէն եւ ներածականէն ետք, Մակար սրբազան նախքան հարցադրումներու ճամբով գլուխներու բացատրութեան անցնիլը, ներածութեան բաժինին մէջ  Մատթէոսի Աւետարանը գլխաւոր վերնագրին տակ կ’ուսումնասիրէ հետեւեալ նիւթերը.
Աւետարանին մասին
Այստեղ նախ կը բացատրէ Աւետարան բառը, պարզելով թէ ինչո՛ւ եկեղեցին առաջին չորս գիրքերը Աւետարան կը կոչէ։ Ու կը նշէ, թէ Աւետարան բառը կու գայ յունարէն «Էվանկելիոն»  բառէն, որ բազմաթիւ իմաստներ ունի, ինչպէս օրինակ լեզուական առումով կը նշանակէ վարձատրութիւնը որ կը տրուի առաքեալին իր բարի առաքելութեան համար,  աւելի ուշ գործածուած է բարի լուրին «Աւետիսին» համար, նաեւ որպէս յաղթանակի ուրախ աւետիս։
Հասնելով նոր կտակարանին,  հեղինակ սրբազանը կը յայտնէ, որ «Աւետարան» բառը այնտեղ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ՝ ակնարկելով քրիստոնէական առաքելութեան եւ Աստուծոյ յաւիտենական արքայութեան գետնի վրայ հաստատման ուրախ լուրին։
Մակար սրբազան այս բաժինին մէջ այլ ենթավերնագիրով մը կ’անդրադառնայ գրաւոր աւետարաններու անհրաժեշտութեան, ապա լուսարձակի տակ կ’առնէ աւետարաններու հեղինակութեան հարցը։
Ըստ այս բաժինին, թէեւ Ա. եւ Բ. դարերուն երեւան ելած են բազմաթիւ աւետարաններ, որոնք կը կրէին առաքեալներուն եւ անոնց անմիջական աշակերտներուն անունները, սակայն յատուկ ժողովներու եւ կանոններու հիման վրայ եկեղեցական հայրերու կողմէ անոնք անվաւեր կը համարուին եւ սկիզբէն իսկ եկեղեցին կ’ընդունի չորս Աւետարանները որպէս կանոնական եւ հեղինակաւոր գիրքեր։ Անոնք են՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի Աւետարանները։
Ապա  Մակար սրբազան կ’անդրադառնայ աւետարաններու համատեսութեան հարցին, Աւետարանի հեղինակին՝ Մատթէոսին, ու Առանձին բաժինով անդրադարձ կը կատարէ Գիրքին լեզուին, ուր կ’ըսուի, թէ Ս. Մատթէոս կը գրէ երկու Աւետարաններ, մէկը եբրայերէնով (արամերէնով) իսկ միւսը՝ յունարէնով: Արամերէնով գրուածը ամբողջական գործ մը չի նկատուիր, որովհետեւ կարճ ժամանակի մէջ պատրաստուած եւ առաւել չափով Քրիստոսի խօսքերուն հաւաքածոն է, իսկ Մատթէոսի յունարէն լեզուով գրած Աւետարանը, աւելի ընդարձակ է եւ ամբողջական.  եկեղեցին Մատթէոսի յունարէն լեզուով գրածն է, որ իբրեւ կանոնական եւ հեղինակաւոր ճանչցած  եւ ընդունած է:
Ներածութեան մէջ առանձին անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Աւետարանի գրութեան թուականին, վայրին, նպատակին, հրաշքներուն, առակներուն եւ վերջապէս Մատթէոսի Աւետարանի բովանդակութեան։
Այս բոլորը կը հրամցնէ ընթերցողը իրազեկ դարձնելու  Մատթէոս Աւետարանի խորքին, ձեւին, բովանդակութեան, որպէսզի ըստայնմ նախապատրաստէ զայն խորքային ըմբռնումով ընկալելու հարցումները եւ անոնց պատասխանները։
Ներածութենէն վերջ էջ 56-ի վրայ հեղինակ սրբազանը կը սկսի Մատթէոս Աւետարանի 28 գլուխներէն ընտրուած համարներու մասին հարցումներ տալ եւ Աւետարանէն մէջբերուած համարներով պատասխաններ արձանագրել, ապա իւրաքանչիւր պատասխանի կողքին հրամցնել անոր ընդլայնուած բացատրութիւնը։
Վստահ ենք, որ այս հարցումները իւրաքանչիւր հաւատացեալ մարդու մտքէն անցած են, սակայն մեծամասնութիւնը չէ յանդգնած պատասխանները որոնելու համար ուսումնասիրական ծով աշխարհին մէջ նաւարկել։
28 գլուխներու մէջ կը գտնենք 393 հարցումներ, որոնցմէ երկուքը լուսարձակի տակ կ’առնենք ստորեւ.
 3. Հարցում. Մատթէոսի Աւետարանը քանի՞ գլուխներէ կը բաղկանայ։
Պատասխան – Մատթէոսի Աւետարանը 28 գլուխներէ կը բաղկանայ:
Այստեղ հեղինակ սրբազանը նկատել կու տայ, որ սկզբնապէս, ոչ միայն Մատթէոսի Աւետարանը, այլեւ ամբողջ Աստուածաշունչ Մատեանի Հին եւ Նոր Կտակարանները բովանդակող գիրքերէն ո՛չ մէկը գլխակարգուած եւ կամ համարակալուած էր։ Այդ սովորութիւնը հետագային է որ զարգացաւ, 12-րդ դարէն ետք։
Սկզբնապէս ոչ միայն գլխակարգման եւ համարակալման հասկացողութիւններ չկային, այլ չկային նաեւ բառերը իրարմէ հեռու եւ անջատ գրելու, հատուածները իրարմէ բաժնելու սովորութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ կէտադրական օրէնքները: Այսինքն, երբ բան մը պիտի գրուէր, սկիզբէն մինչեւ վերջ, մէկ ծայրէն սկսելով մինչեւ աւարտը իրերակապ գրութիւն մը կ’ըլլար, ինչ որ շատ մեծ դժուարութիւն կը ներկայացնէր ընթերցողին համար, եւ յատկապէս անոնց համար, որոնք պիտի ուզէին մէջբերում մը կատարել եւ կամ փնտռել նախադասութիւն մը կամ հատուած մը այսինչ կամ այնինչ հեղինակէն կամ գիրքէն։
158 – Հարցում. Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ մարդուն արժանիքը։
Պատասխան. Մարդուն արժանիքը կրնանք գիտնալ իր գործերէն։ Որովհետեւ իւրաքանչիւր ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի։
Հեղինակ սրբազանը կը բացատրէ. Այն ինչ կը խօսիս եւ կը կատարես, սրտիդ մէջը եղածէն կախեալ է, որ ի վերջոյ ինքզինք կը յայտնէ: Փարիսեցիներուն կատարած հայհոյութիւնը անցողակի եւ պատահական արտայայտութիւն մը չէր, այլ կանխամտածուած իրողութիւն մը, որ անոնց նկարագրին եւ ինքնութեան ճշմարտութիւնը բացայայտեց։
Սիրտը աղբիւրն է եւ խօսքերը՝ անոր առուակները։ Ծառը մարդն է, իսկ պտուղները՝ անոր գործերը: Կ’ուզե՞ս մարդ մը լաւ ճանչնալ, քննէ անոր գործերը եւ պիտի գիտնաս անոր ինչպիսի մարդ ըլլալը։ Այդ պատճառով ալ, Յիսուս ծառի եւ պտուղի օրինակով կը ձաղկէ փարիսեցիներուն եւ անոնց նկարագրով մարդոց կեղծաւորութիւնը, նենգամտութիւնն ու ատելութիւնը:
Գիրքերու վերջաւորութեան կցուած է անձնանուններու եւ տեղանուններու  4 էջանի բառարան մը, որմէ կ’առանձնացնեմ երկու տեղանուններ՝ Սուրիա- բարձր երկիր, հիւսիսային երկիր, Յորդանան- Դատաստանի գետը իջնողը։
Այնուհետեւ առանձին էջերով կը կարդանք Մատթէոսի Աւետարանէն քաղուած կարգ մը Հին կտակարանեան մարգարէութիւններ, Մատթէոսի Աւետարանէն Քաղուած փունջ մը ոսկեայ համարներ, աղբիւրագիտական հարուստ ցանկ մը երկարած հինգ էջերու վրայ եւ վերջապէս բովանդակութեան ցանկը։
Հեղինակին լեզուն սահուն է ու հարուստ, բացատրողական ոճը այլաբանական, որ համահունչ է Աւետարանի ոճին եւ նպատակին։ Սրբազան հայրը, լաւապէս կը բացատրէ  օգտագործուած այլաբանական բառերուն ոչ միայն բառական նշանակութիւնը, այլեւ հոգեւոր իմաստը։ Օրինակ. առակներէն մէկուն բացատրութեան մէջ կը գրէ. «Ինչպէս թթխմորը ստուգապէս կը գործէ եւ կը խմորէ, նոյնպէս եւ Աստուծոյ խօսքը լուռ կերպով, բայց զօրութեամբ կը գործէ մարդու կեանքին մէջ»։
Լայնածաւալ հատորներուն մէջ, թէեւ  որոշ տեղեր նկատելի են լեզուական ու գրաշարական վրէպներ, սակայն գիրքը ընդհանրապէս գնահատելի մակարդակ մը կը պահէ։
Գիրքը մթագնած մտքերու մէջ կը փայլատակեցնէ իմանալի լոյսը, փառատելով անվերջ մտածումներու մառախուղը։
Որքան լաւ պիտի ըլլար այս կարեւոր հրատարակութիւնը տեսնել նաեւ թուայնացուած տարբերակով, որպէսզի հասանելի ըլլայ նաեւ առցանց ընթերցողներու լայն շրջանակի։
Հեղինակ՝ Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան
Կը ներկայացնէ՝ Զարմիկ Պօղիկեան