Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցէն հրաժարելու պարտադրանքը կրկին գլուխ կը ցցէ այս անգամ ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ։
Եթէ նախորդ տարիներու Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր իշխանութիւնները, նոյնիսկ խորհրդային իշխանութիւնները, ճիգ ու դիւանագիտութիւն ի գործ դրած էին ապահովելու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, որպէսզի հայ ժողովուրդի ու հայոց պետականութեան իրաւաքաղաքական իրաւունքները ետ բերելու կարելիութեանց դռները բաց պահեն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը աւելի մեծ թիւով երկիրներու կողմէ ճանաչելի դարձնեն, նաեւ միջազգային ճնշումի լծակ ունենալու Թուրքիոյ վրայ, ներկայ իշխանութիւնները՝ կ’ուրանան հարիւր տարիներու բոլոր ճիգերն ու ի չիք կը դարձնեն զանոնք, ոչ թէ պարզապէս չխօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, այլ զայն համարելով պատմաբաններու հարց, եւ ոչ թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի հարց։
Ճիշդ այնպէս ինչպէս կը ցանկար Թուրքիան Հայաստանի հետ ֆութպոլային դիւանագիտութեան տարիներուն։
Եթէ նկատի ունենանք Արցախէն հրաժարելու, Հայոց Պատմութեան դասագիրքերէն Հայաստանի պատմութեան հետ նոր սերունդներուն յիշողութիւնը չնչելու ծրագրուած աշխատանքը, իսկ հիմա Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմաբաններու հարց համարելու Հայաստանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը, յստակ կը դառնայ որ այս բոլորը տեղի կ’ունենան անսալու ԱՄՆ-ի դաշնակից եւ տարածաշրջանին մէջ ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչ Թուրքիոյ նախապայմաններուն։
Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ոչ թէ  պարզապէս չորդեգրելով որպէս օրակարգ, այլ պատմաբաններու գործը համարելով, Հայաստանի իշխանութիւնները միջազգային հանրութեան դիմաց կասկածի տակ կը դնեն Հայաստանի նախկին  բոլոր իշխանութիւններու եւ ողջ հայ ազգին՝ իր բոլոր շերտերով՝ Հայաստանաբնակ թէ սփիւռքահայ, տարիներու պայքարն ու քաղաքական ձեռքբերումները եւ կ’աղաւաղեն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման քաղաքական էութիւնը։ Աւելին. անոնք կ’արժեզրկեն չորս տասնեակէ աւելի երկիրներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը։ Այս քաղաքականութեամբ Հայաստանի իշխանութիւնները կը վերացնեն Թուրքիոյ վրայ միջազգային ճնշումներու կարեւոր լծակ մը, ցեղասպանութիւններու կրկնելիութիւնը կանխարգիլող կարեւոր ազդակ մը եւ հայ ազգի տարբեր շերտերու սերունդները իրենց պատմական իրաւունքներուն տիրանալու ամէն կարելիութենէ կը զրկեն, որպէս պետութիւն Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմագէտներու քննարկման հարց համարելով։
Դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելը անպայման չի պահանջեր այսքան մեծ զիջում մեր ազգային էութենէն, մեր պատմութենէն, մեր պատմական իրաւունքներէն։ Ու որքան ալ տնտեսական կարելիութիւններու դռներ բացուին Հայաստանի Հանրապետութեան դիմաց՝ Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան ցամաքային ուղիներու բանեցումով, Կիւմրի-Կարս երկաթուղագիծի վերաշխուժացումով, Հայաստանի ու հարաւային Կովկասի անվտանգութեան ապահովումը կը պահանջէ նաեւ յառաջիկայ ցեղասպանական դրսեւորումներու, տնտեսական պաշարումներու  կանխարգիլման նպաստող հեռահար քաղաքականութիւն վարել, որուն համար ալ ազգային սկզբունքներէ չհրաժարիլ ու հակառակորդին վրայ ճնշում բանեցնելու բոլոր միջոցներէն չզիջիլ։ Վկան Սուրիոյ օրինակն ու այնտեղ տեղի ունեցած թրքական թափանցումներն են՝ սերտ յարաբերութիւններու երկար շրջանէ մը ետք։
Պետութիւններ կրնան յարաբերիլ, սակայն ազգային մեր մեծագոյն ողբերգութիւնը քաղաքական նշանակութենէ պարպելը ոչ միայն ամօթալի, այլեւ՝ քաղաքական ողբերգական նահանջի մը բանալին կը համարենք պարզապէս։