Ի՞նչ կրնան խօսիլ եօթը կիներ իրարու հետ, երբ հաւաքուին գլուխ-գլխի:
Բայց երբ այդ կիները բոլորն ալ գրագիտուհիներ ըլլան, այդ պարագային ի՞նչ կը խօսին:
Շաբաթ օրուան հաւաքին նիւթը նախօրօք որոշուած էր՝ «Ո՞ւր եւ ե՞րբ կը գրես»: Այնքան ներանձնական, այնքան մտերմիկ նիւթ, որ կը թուի, թէ բոլորն ալ պիտի խօսին միայն ու միայն այդ մասին, ծաւալեն նիւթը, երբեմն երգիծանքի իրենց ջիղը ցուցադրելով նաեւ:
Բայց այդ կիները ուսուցչուհիներ են, նախկին կամ ներկայ ուսուցչուհիներ, դպրոցի ուսուցչուհիներ թէ համալսարաններու դասախօսներ:
Եւ չես գիտեր ինչպէս, անհատականն ու մտերմիկը կը մոռցուին, մէկդի կը նետուին, եւ մէջտեղ կու գայ ժամանակակից Սփիւռքի ամէնէն թէժ հարցերէն մին և չըսելու համար ամէնէն թէժ հարցը՝ հայերէնի վիճակը այսօր:
Խումբը կազմող 12 անձերէն այդ օր հաւաքուեր էին միայն եօթը:
Մասնակիցներէն մէկը՝ Լոլա Գունտաքճեան համակարգիչներու վերահսկիչ է մասնագիտութեամբ, նաեւ բանաստեղծուհի է, երեք քերթողագիրքերու հեղինակ, բայց մանաւանդ Armenian Poetry Project կայքէջին ստեղծողն ու վարողը:
Մասնակիցներուն մէջ կայ դաշնակահարուհի մը՝ Քարէն Չթճեան, համալսարանի երկու դասախօսուհիներ՝ Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան եւ հաւաքը կազմակերպող Թամար Մարի Պոյաճեան, երկուքն ալ հայերէնի եւ հայկական նիւթերու դասախօսուհիներ (ԱՄՆ), ուսուցչուհի մը՝ Նորա Պարութճեան:
Եօթէն չորսը հրատարակուած գիրքեր ունին՝ Լոլան ունի բանաստեղծութեան երեք գիրք, Թամարը՝ բանաստեղծութեան գիրք մը եւ մէկ արձակ-ֆանթէզի, Քարէն Չթճեանը երգարան մը եւ մանկական գիրք մը, Նորա Պարութճեանը մէկ քերթողագիրք եւ տողերս գրողը՝ տասը (7 չափածոյ, 2 արձակ, 1 ուսումնասիրութիւն):
Կը թուէր թէ բոլորն ալ պիտի խօսէին գիրէն, ստեղծագործելու դժուարութենէն երբ կին ես, մայր եւ դասատու միաժամանակ:
Նորա Պարութճեան սկսաւ ինքզինք ներկայացնելով եւ պարզօրէն ըսաւ.
«Ուսուցչուհի, զէյթունցի, կին …»:
Մոռցա՞ւ որ նաեւ գրագիտուհի է:
«Երբ հանգիստ եմ, չեմ կրնար գրել …»:
Բայց յետոյ մոռցաւ գիրն ու քերթողութիւնը եւ նախ մեծ խանդավառութեամբ խօսելէ ետք իր ստեղծած «Ծիծեռնակ» կայքէջին մասին, անմիջապէս անցաւ հայերէնին դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
«Ծիծեռնակ» կայքէջը ծնունդ առեր է քովիտի համաճարակի օրերուն, երբ Նորան անդրադարձեր է, թէ առցանց դասեր վարելու կողքին, առցանց հաճելի հանդիպումներ նաեւ կարելի է կազմակերպել, հայերէնին հանդէպ սէր ունեցող եւ գրել փորձող պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ:
Երկու ամիսը անգամ մը հանդիպիլ, զրուցել, եւ ապա այդ բոլորը գրել. ահա թէ ի՛նչ կ’ընէ «Ծիծեռնակ»-ի խումբը, որուն մղիչ ուժը որքան Նորային խանդավառութիւնն է, նոյնքան ալ իրենց գրական փորձերը հրատարակուած տեսնելու երիտասարդներուն ուրախութիւնն է:
Իսկ ուղղագրութի՞ւնը …
Ուղղագրութիւնը մեր օրերուն դարձեր է աշակերտներուն գլխացաւն ու դասատուներուն մարտահրաւէրը:
Թէ ի՜նչ ճիգ կը թափէ հայերէնի իւրաքանչիւր ուսուցչուհի, թէ ի՜նչ ձեւեր կը փորձէ եւ միջոցներ կը գտնէ հայերէնը քիչ մը աւելի հաճելի եւ քիչ մը աւելի դիւրին ընծայելու համար աշակերտներուն… Բոլորն ալ համաձայն էին այս ծանր աշխատանքին բնոյթին շուրջ:
«Եւ ճի՛շդ այդ պատճառով ալ չեմ արտօներ ոեւէ ծնողքի կամ անհատի, ժխտականօրէն խօսիլ հայերէնի
ուսուցչուհիներուն մասին»:
Այսօր Սփիւռքի մեր դպրոցները դժբախտաբար դարձեր են հայերէն սորվեցնելու վայրեր, եւ ոչ՝ վաւերական դպրոցներ, ուր հայերէն լեզուն կը նրբանայ աշակերտներուն շրթունքներուն վրայ եւ կը բանայ իր գաղտնիքները անոնց …
Քանի մը կէտերու շուրջ բոլոր ներկաները համաձայն էին.
_ Եթէ ուսուցչուհին կրցաւ շահագրգռութիւն արթնցնել աշակերտին մէջ, կրնայ ինքզինք յաջողած համարել:
_ Իրապէ՛ս անլուրջ է մօտեցումը հայերէնին հանդէպ թէ՛ ծնողքին, թէ՛ աշակերտներուն կողմէ:
_ Ամբողջ աշխատանքը ուսուցչուհին պէտք է դասարանէն ներս կատարէ, որովհետեւ ոչ մէկ յոյս ունի, որ տղաք տան մէջ աշխատանք պիտի տանին, թէկուզ պարտականութիւնները կատարելու համար:
_ Սփիւռքի կարգ մը դպրոցներէն ներս օտար աշակերտներ ալ կ’առնուին ա՛յն պայմանով, որ հայերէնի դասերուն հետեւին. օրինակ Միշիկընի Ա. Մանուկեան վարժարանը 200 ուքրանացի աշակերտ ունի, որոնք յաճախ շատ աւելի լաւ կը սորվին լեզուն, քան՝ հայ աշակերտը: Ասիկա կրնա՞յ խթան հանդիսանալ հայ աշակերտին…
_ Բոլորը համաձայն էին, որ հայերէնը այսօր Սփիւռքի տարածքին ոչինչով կրնայ օգտակար դառնալ աշակերտներուն, որոնք յստակօրէն եւ առանց քաշուելու կ’ըսեն՝ «Ի՞նչ ընենք հայերէնը, դպրոցէն ելլելէ ետք»:
_ Երբ աշակերտներուն պարտականութիւն կը տրուի նիւթի մը շուրջ գրելու, անոնք աւելի դիւրութեամբ… կը գծեն:
Այսքան զրուցելէ ետք հայերէնին եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, անշուշտ որ նիւթը պիտի հասնէր ինքնութեան:
_ Ֆրանսացին իր ինքնութիւնը լեզուին մէջ չի տեսներ, այլ՝ երկրին քաղաքականութեան,_ ըսաւ Փարիզի Դպրոցասիրաց վարժարանի ուսուցչուհի Նորա Պարութճեան,_ այդ պատճառով ալ հայ աշակերտը եւս իր ինքնութիւնը լեզուին՝ հայերէնին մէջ չի տեսներ:
_ Եթէ ինքնութիւնը հայերէնին մէջ չէ, հապա ո՞ւր է:
Երբ սպառեցինք լեզուի հարցը (սպառեցի՞նք), վերադարձանք գիրին, ստեղծագործութեան:
«Զիրար չենք գնահատեր, որովհետեւ արժեւորելու «գործիքները» չունինք, արժեւորել չենք գիտեր»:
Քարէն Չթճեան կ’ըսէ թէ սովորութիւն ունի ամէն օրուան վերջաւորութեան գեղեցիկ յուշ մը գրել այդ օրուան մասին. «որովհետեւ զաւակներուս առաջին տարիները ինչպէ՞ս անցան, ի՞նչ ըրի, չեմ յիշեր, չեմ գիտեր» կ’ըսէ:
«Առտուան ժամը 5:30-6։00-ի միջեւ արթննալ եւ գրելը սովորութիւն դարձեր է արդէն, ուրիշ ժամանակ չունիմ այդպէս
հանդարտօրէն գրելու» կ’ըսէ երկու մանչերու մայր Թամար Պոյաճեան:
Եւ որոշեցինք յաջորդ հաւաքին մեր գործերէն կարդալ, նաեւ ղրկել (բնագրին հետ նաեւ թարգմանութիւնը) Armenian Poetry Project-ին, որուն էջերուն «պակսեր է քերթողութիւնը», ինչպէս ըսաւ Լոլան:
«Կրնաք նաեւ կարդալ եւ MP3-ով արձանագրութիւնը ղրկել. Project-ին վրայ շատ օտար այցելուներ կան, որոնք
կ’ուզեն ոչ միայն քերթուածներուն թարգմանութիւնները կարդալ, այլ հայերէնը նաեւ լսել, ինչպէս Թանզանիայէն կայքէջի մէկ այցելուն»:
Երբ կ’ըսեն թէ արեւմտահայերէնը շատ երաժշտական լեզու է, շատեր թերահաւատութեամբ մտիկ կ’ընեն. եթէ այս կարծիքը ճիշդ չէ, ինչո՞ւ թանզանիացին պիտի ուզէր իրեն օտար այդ լեզուն մտիկ ընել …
Նման հաւաքները (թէեւ մերը տակաւին մկրտուած չէ անունով եւ յայտարարութեամբ) պարարտ գետին կը
պատրաստեն, ուր թերեւս օր մը իսկապէ՛ս տաղանդաւոր մէկը ծնի. նաեւ մասնակիցներուն կու տան անփոխարինելի հաճոյքը խօսելով վայելելու լեզու մը, որ «մահուան դատապարտուած» կը յայտարարուի միշտ. Ճի՞շդ է. չեմ կարծեր, ոչ իսկ հոգեվարք, եթէ կարելի է զայն փոխանցել այսքան խանդավառութեամբ:
Մարուշ Երամեան