ԻՆՉՊԷՍ ԽՕՍԻԼ ԵՒ ՉԽՕՍԻԼ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Պէտք չէ կրկնել Մանուկին խօսքը
Նոր-նոր խօսիլ սկսող մանուկները բնականաբար կը ջանան պարզեցնել բազմավանկ բառերը։ Մեծերը պէտք չէ կրկնեն մանուկին արտասանած կրճատուած տարբերակները։ Այդ բառերը կարելի է օգտագործել մէկ-երկու անգամ, բայց ընդհանրապէս երեխային յօրինած բառին անպայման պէտք է յաջորդէ նոյն բառին ամբողջական տարբերակը։ Երեխային խօսքը կ’իւրացնենք դիւրին հասկցնելու զինք բառին իմաստը հաւանաբար, սակայն երեխային շրջապատող մեծերը եթէ անդադար կրկնեն փոքրիկին արտասանած կրճատուած բառերը՝ երեխան չի հասկընար, որ մեծերը այդպէս կ’ընեն իրեն համար, այլ կը կարծէ, որ պէտք է այդպէս արտասանէ բառերը։ Այս պատճառով ալ հետագային հարցեր կը յառաջանան խօսելու իր ունակութեան մէջ։
Պէտք է խօսիլ դանդաղ եւ յստակօրէն
Երեխային հետ պէտք է խօսիլ դանդաղ ու փորձել խուսափիլ շատ բարդ բառերէ։ Կարեւոր է նաեւ բառերու հնչիւնը ճիշդ արտաբերելը։ Փոքրերու հետ նախընտրելի է խօսիլ մեղեդային, երգեցիկ առոգանութեամբ։
Խօսքի հետ կապուած հարցեր
Խօսքի զարգացման փուլերու ուշացումէն կամ բացակայութենէն բացի, ահազանգ-ազդանըշաններ կը համարուին կմկմոցները, երեխայի աղքատիկ զգացական աշխարհը, շփումներ ունենալու ցանկութեան բացակայութիւնը եւ այլն։ Եթէ տեսնենք, որ մանուկը անտարբեր է, անհետաքրքիր, պէտք է մտահոգուինք ու մասնագէտի խորհուրդին դիմենք։
Պէտք է լրջօրէն հետեւիլ մանուկի առաջին արտայայտութիւններուն. եթէ նկատէք, որ 1-1,5 տարեկան մանուկը առաջին բառերը չի փորձեր արտաբերել, նոյնիսկ կմկմալով, մասնագէտի դիմեցէք անպայման։
Պէտք է իմանալ նաեւ, որ խօսելու ուշացումը կրնայ յուշել երեխայի զարգացման առնչուող այլ հարցերու մասին, հետեւաբար անթոյլատրելի է անտեսել վերեւ յիշուած նշանները։
Ժառանգականութիւն եւ խօսք
Այս երկու հասկացութիւնները սերտօրէն կապուած են իրարու հետ։ Բայց կարելի չէ անտեսել երեխային ուշացող խօսքը՝ պատճառաբանելով, որ հայրիկը (հօրեղբայրը, քեռին, մեծ հայրը) նոյնպէս ուշ սկսած է խօսիլ։ Այստեղ կարեւոր քանի մը հանգամանք պէտք է նկատի ունենալ։ Ուշ խօսիլ, բայց ինչպէ՞ս խօսիլ, ինչպէ՞ս կը սկսի ուշացած խօսքը։ Շատ մը պարագաներու կը սկսի դժուարութիւններով, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կը ձգեն մարդու ամբողջ կեանքին վրայ, օրինակ՝ ազդելով գրելու ընդունակութեան վրայ:
Այլ խօսքով՝ ուշ խօսելու հետեւանքով երեխան կրնայ դժուարութիւններ ունենալ կրթական կեանքին մէջ, գրաւոր խօսքի իւրացման դժուարութիւններ եւ այլն։
Ուստի, սիրելի՛ ծնողներ, մէկ հարցի անտեսումին կամ ժամանակին չսրբագրելու պատճառով կրնաք հարցականի տակ դնել երեխայի (ապագային նաեւ երիտասարդի) ամբողջ կեանքին որակը, անոր ձեռքբերումները եւ այլն։
***
ՑՈՐԵՆՈՎ ԵՒ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆՈՎ ԱՊՈՒՐ
Բաղադրութիւն
1 գաւաթ խաշուած ցորեն
1 սոխ եւ 2 պճեղ սխտոր
2 մանրուած ստեպղին եւ 2 մանրուած դդում
1 մանրուած կանաչ պղպեղ
4 գաւաթ խաշած հաւու կամ պարզ ջուր
Աղ, սեւ պղպեղ, մէկ ապուրի դգալ ձիթաիւղ
Ազատքեղ՝ զարդարանքի համար։
Պատրաստութիւն
Ձիթաիւղը դնել կաթսային մէջ ու միջակ կրակի վրայ տաքցնել, աւելցնել մանրուած սոխը, ճզմուած սխտորը եւ խառնել մինչեւ որ թմրին։ Աւելցնել մանրուած բանջարեղէնը եւ խառնել միջակ կրակի վրայ 5 վայրկեան շարունակ։
Ապա աւելցնել ջուրն ու խաշած ցորենը, աղն ու սեւ պղպեղը եւ եռացնել, ապա ցած կրակով, կաթսային կափարիչը փակելով եփել 20-30 վայրկեան։
Հիւրասիրել՝ իւրաքանչիւր պնակ ազատքեղով զարդարելէ ետք։
Բարի ախորժակ։