Եւրոպական խորհրդարանի կիպրոսցի պատգամաւոր Լուքաս Ֆուրլասի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի միատեղ աշխատանքի հետեւանքով՝ 5 Նոյեմբերին, Եւրոպական խորհրդարանի մէջ, տեղի ունեցած է «COP 29-ը Պաքուի մէջ․ Քողարկելով ցեղային զտումը» խորագիրով խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցէին Եւրոպական խորհրդարանի տարբեր քաղաքական խումբեր ներկայացնող պատգամաւորներ, պելճիքացի քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ պելճիքահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Որպէս խորհրդաժողովի բանախօսներ հրաւիրուած էին «Յանուն Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային Համագործակցութիւն Կազմակերպութեան» Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հարաւային Կովկասի ծրագիրներու ղեկավար Սիմոն Պապուաշուիլին, Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Քաթալինա Տէ Սոթան, արցախցի լրագրող Սիրանոյշ Սարգսեան եւ Դաւիթ Վարդանեան՝ Ռուբէն Վարդանեանի որդին: