Համազգային հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ՝ 7 Նոյեմբերին ԵՊՀ հայ բանասիրութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկաբնակ գրող, հասարակական գործիչ Կարօ Արմէնեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուի շնորհանդէսը։
«Մարմին եւ Արիւն» ժողովածուն ընթերցողին կը ներկայացնէ հեղինակի վերջին շրջանի ստեղծագործութիւնները։ Գիրքի խմբագիրն է գրող, հասարակական գործիչ Յարութիւն Պէրպէրեան։
Շնորհանդէսը բացուեցաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի ողջոյնի խօսքով։ Ան կարեւոր համարեց Կարօ Արմէնեան գրողի, գաղափարակից ընկերոջ, մտաւորականի, հասարակական գործիչի դերն ու գործունէութիւնը ոչ միայն գրականութեան, այլեւ` հայ հասարակական֊ քաղաքական կեանքի մէջ։
Գրողի ստեղծագործական գործունէութեան եւ նորընծայ ժողովածուի մասին խօսք ըսին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան, գրականագէտներ Դաւիթ Գասպարեան, Սամուէլ Մուրատեան, Սուրէն Դանիէլեան, Աբգար Ափինեան, գրող Ռոլանտ Շառոյեան, մտերիմ ընկեր Վահան Զանոյեան, հրապարակախօս Վաչէ Բրուտեան, պատմաբան Աշոտ Մելքոնեան։
Կարօ Արմէնեանի բանաստեղծութիւններէն ընթերցեց Գայանէ Սամուէլեան։
Շնորհանդէսին ներկայ էին հասարակական, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, գաղափարակից ընկերներ, ուսանողներ եւ այլք։
Հայրենիքի ճակատագիրով մտահոգ, խօսքը գործի վերածող գրողը միշտ եղած է հայկական պահանջատիրութեան, հայկական ինքնութեան պահպանման առաջնագիծին։ Այս կարեւոր առաքելութեան կողքին ան իր հաստատուն քայլերը առած է նաեւ գրականութեան ասպարէզի մէջ` ընթերցողին ներկայացնելով խոր փիլիսոփայութեամբ, պատկերաւորման առանձնայատկութիւններով եւ ինքնատիպ դրսեւորումներով հարուստ ստեղծագործութիւններ։
Շնորհանդէսի վերջաւորութեան ներկաները առիթ ունեցան որպէս նուէր ձեռք բերելու հեղինակի ժողովածուն, որմէ ետք նախաձեռնութիւնը աւարտին հասաւ հյուրասիրութեամբ։

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակ