Պաքու խաղաղութեան համաձայնագիրի ցարդ վիճելի կէտերը գաղտնազերծած է, Երեւան ո՛չ հերքած, ո՛չ հաստատած է անոնց իսկութիւնը:

Անոնցմէ երկուքը, ըստ Ալիեւի կառավարութենէն ֆինանսաւորուող վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Ֆարիտ Շաֆիեւի, կը վերաբերին հայ-ատրպէյճանական սահմանէն Եւրոպական Միութեան դէտերու դուրս բերման եւ Հայաստանի հետ իրաւական վէճերու բացառման:

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան, անդրադառնալով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն մօտ եղող փորձագէտի պնդումներուն, յայտարարեց. «Քանի որ այս պահուս բանակցութիւններ կ՛ընթանան, ես ճիշդ չեմ նկատեր ամբողջութեամբ բանալ, թէ ինչի շուրջ կ՛ընթանան քննարկումները, սակայն այո՛, ինչպէս յայտնեցի, կան չհամաձայնեցուած կէտեր, եւ անոնց շուրջ քննարկումները պիտի շարունակուին»:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ Հայաստանի համար ընդունելի՞ է համաձայնագիրի կնքման պարագային Եւրոպական Միութեան դէտերու դուրս բերումը, արտաքին գործոց փոխնախարարը յայտնած է. «Այս պահուս Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այնքան ատեն որ տակաւին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ չսահմանազատուած սահման ունի, քանի տակաւին գոյութիւն ունին խնդիրներ, կը գտնէ, որ Եւրոպական Միութեան դէտերու ներգրաւումը Հայաստան-Ատրպէյճան միջպետական սահմանին ապահովութեան ու կայունութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունի»:

Անդրադառնալով դիւանագիտական վէճերու առնչուած հարցումին` ան դիտել տուած է. «Ընդհանուր հոլովոյթի եւ ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ պէտք է նայիլ: Հայաստանի Հանրապետութեան համար կան նաեւ այս համաձայնագիրէն դուրս շատ կարեւոր հարցեր, ներառեալ մարդասիրական հարցեր, որոնք հասցէագրման կարիք ունին»:

Կոստանեան վստահեցուցած է, թէ բանակցուող փաստաթուղթին մէջ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարց չկայ:

Ըստ Շաֆիեւի, տակաւին վիճելի մնացող երրորդ կէտն ալ կը վերաբերի Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութեան: Մինչդեռ արտաքին գործոց փոխնախարար Կոստանեան վստահեցուցած է, թէ բանակցուող փաստաթուղթին մէջ նման կէտ չկայ:

«Հայաստան Ատրպէյճանի հետ չի խօսիր Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին», յայտարարած է Կոստանեան: