«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը չմասնակցեցաւ Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ յայտարարութեան նախագիծի քուէարկութեան:

Յայտարարութեան նախագիծին կողմ քուէարկեց 30 պատգամաւոր: «Դէմ»-ի ու «ձեռնպահ»-ի դիմաց զերոներ արձանագրուած էին։ Այսպիսով` ընդդիմութեան առաջարկած յայտարարութեան նախագիծը չընդունուեցաւ:

Յիշեցնենք, որ պատգամաւորներու ¼-ի պահանջով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին մէջ Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ այսօր հրատապ քննարկում տեղի ունեցաւ: Ընդդիմութիւնը կը պահանջէր, որ Պաքուի մէջ նախաձեռնուած COP 29-ի շրջագիծէն ներս Ազգային Ժողովը պահանջ ուղղէ միջազգային հանրութեան՝ աջակցելու հայ բոլոր ռազմագերիներու ազատ արձակման: