Անցեալ տարի Դեկտեմբերին Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմը միասին յայտարարութիւն տարածեցին՝ գուժելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը  կ’աջակցի Ատրպէյճանին կամ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Ատրպէյճանին կազմակերպելու ՔՈՓ29-ը։ Այս մասին 12 Նոյեմբերին, Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան՝ «Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ» հասարակական հետաքրքրութիւն ներկայացնող հրատապ նիւթով քննարկման ժամանակ:
Խաչատրեանի խօսքով՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ գերիները որպէս լծակ օգտագործել Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ. «Այսօր քանի՞ գերի մենք ունինք՝ Հայաստանի ու Արցախի քանի՞ քաղաքացիներ, որոնք        կը  պահուին Ատրպէյճանի մէջ։ Յստակ թիւը, անուն-մականուններով հրապարակուած չէ, մենք չենք գիտեր թէ քանի՞ հոգի են։ Բայց մենք գիտենք, որ Ատրպէյճան պիտի շարունակէ գերիները օգտագործել որպէս լծակ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։ Ե՞րբ կը կարողանանք կանխել, ե՞րբ կը կարողանանք Հայաստանի գլխէն հեռացնել այդ դամոկլեան սուրը, երբ որ այլեւս Ատրպէյճանի մէջ գերիներ չունենանք։ Ո՞րն է ամենապատեհ առիթը պահանջելու, որ արցախցիները եւ ՀՀ մեր հայրենակիցները վերադարձուին, եթե ոչ ՔՈՓ29-ը», ըսաւ ան:
Խաչատրեան նկատեց, որ եթէ այսօր գերիները չվերադարձուին, կ’ոչնչանայ ապագային անոնց վերադարձի հաւանականութիւնը։ «Հաւանաբար  ընտրութիւններէն առաջ ինչ-որ լաւութիւն ընեն։ Բայց այսօր մենք պէտք է օգտագործենք այս առիթը՝ պահանջելու բոլորի վերադարձը: Այլապէս մենք ի՞նչ կը տեսնենք։ Եւրախորհրդարանը հանդէս կու գայ գերիներու վերադարձի պահանջով, տարբեր երկիրներ՝ բարձրագոյն մակարդակով, կը պահանջեն վերադարձնել մեր գերիները, ստեղծուած է նախաձեռնող խումբ, այլազգիները աշխուժօրէն կը մասնակցին այդ աշխատանքին, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնը լուռ է։
Հիմա պատկերացուցէք ջանքերը, կ’երթաս, կ’ըսես՝ պահանջեցէ՛ք, կ’ըսեն՝ բայց Հայաստանը ինչո՞ւ  լուռ է։ Եւ իրէօք, կ’ուզեմ հասկնալ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինչո՞ւ լուռ է, ինչո՞ւ պահանջ չի հնչեցներ։ Կ’ըսէք՝
դիւանագիտութիւնը ամէն ինչ չէ, որ բարձրաձայն կ’ըսէ։ Բարձրաձայն չըսուող դիւանագիտութեան արդիւնքները մենք դարձեալ կը տեսնենք, որեւէ յառաջընթաց չկայ։ Մեր եղբայրները ոչ թէ վեց ամիս, շատերը համարեա՛ չորս տարի է՝ կը դիմանան», ըսաւ Խաչատրեան: