Կազզա, Լիբանան  եւ Սուրիա իսրայէլեան հրթիռակոծումներու թիրախ կը դառնան։ Կ’արձանագրուին զոհեր, կը քանդուին բնակարաններ, արուարձաններ, անտուն եւ անտէր կը մնան մանուկներ, սակայն միջազգային ընտանիքը իր նուազագոյն միջամտութիւնն անգամ կը զլանայ, իսկ ՄԱԿ-ի դատապարտումները տասնամեակներէ  ի վեր դարձած են ձայն բարբառոյ յանապատի։
Նոյնը չեղա՞ւ Արցախի մէջ։ Ատրպէյճան օր ցերեկով պատերազմ սկսաւ, յարձակեցաւ, սպանեց, քանդեց, շրջափակման մէջ պահեց ու տեղահան դարձուց արցախահայութիւնը։ Այլ խօսքով ցեղի մը սպանութիւնը ծրագրեց ու գործադրեց միջազգային ընտանիքին աչքին առջեւ, փաստօրէն նաեւ Իսրայէլի ռազմական օժանդակութեամբ։ Այս բոլորին ի տես միջազգային հանրութիւնը իր փափուկ ատեաններէն դատապարտումի քանի մը բանաձեւ հրապարակ նետեց պարզապէս։ Դատապարտում, որ ոչ մէկ արդիւնք ունեցաւ, ոչ իսկ սահմանափակեց Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ վարքագիծը։ Ատրպէյճան տակաւին կ’ոչնչացնէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային բոլոր կոթողներն ու եկեղեցիներ-վանքերը, գերեվարուած կը պահէ Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած հայ քաղաքական գործիչները, միեւնոյն ատեն, ՔՈՓ29-ի հրաւիրած իր ժողովով, ցեղասպանը աշխարհի աչքին կլիմայի այսպէս կոչուած «պահապան» կը ձեւանայ։
Նոյն ոճիրներու շարքը կը շարունակուի Կազզայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, իսկ միջազգային ընտանիքը նոյն անօգուտ դիրքին մէջ կ’օրօրուի՝ կռթնած գերպետութիւններու շահերու սեւ սնտուկին։
Շաբաթասկիզբին Ռիատի մէջ գումարուած արաբական-իսլամական գագաթնաժողովը կրկին պահանջեց միջազգային ընտանիքէն դադրեցնել Իսրայէլի սանձարձակ յարձակումները, չեղեալ համարել անոր անդամակցութիւնը ՄԱԿ-ին եւ այլն։ Սակայն ի՞նչ ակնկալել միջազգային ընտանիքէն՝ ակա՞նջ տալ, գործի՞ մղուիլ, արդարութեա՞ն հետամուտ ըլլալ, մարդասպանութի՞ւնը կասեցնել…
Ցարդ արդիւնաւէտ ոչ մէկ քայլ երեւելի դարձած է։
Արաբական երկիրներէն կ’ակնկալուէր աւելի գործնական քայլեր առնել, այնպէս ինչպէս Սուրիա առած է տարիներ շարունակ՝ Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները բացառելով եւ զայն թշնամի համարելով։ Ճշմարտացի էր Սուրիոյ նախագահը երբ կ’ըսէր. «Բոլորս հաւաքաբար՝ արաբներ եւ իսլամներ, պետութիւններ եւ ժողովուրդներ Իսրայէլի վարքագիծին դէմ դնելու միջոցներ ունինք, սակայն այդ միջոցները օգտագործելու հաւաքական որոշումի կարիք ունինք»։
Արաբական-իսլամական երկիրները ունին քարիւղի եւ կենսուժի տարբեր նիւթերու գործօնը, զոր կրնան օգտագործել որպէս Իսրայէլի վրայ ճնշման միջոց, կրնան  վերանայիլ Իսրայէլի հետ իրենց դիւանագիտական եւ տնտեսական առնչութիւններուն, գէթ միասնաբար կարենալ կասեցնելու անոր անզուսպ վարքագիծը։
Նման միջոցներով միայն կարելի կ’ըլլայ ճնշում բանեցնել եւ խնայել մարդկային աղէտները Կազզայի, Լիբանանի թէ Սուրիոյ մէջ։
Այլապէս, անցնող երեք տարիները ցոյց տուին, որ միջազգային ընտանիքէն որեւէ գործնական քայլ ակնկալելը իրատեսական չէ, պարզապէս ճնշման իսկական միջոցներ պէտք է գործի դնել։ Այդպէս էր Արցախի պարագային, այդպէս է նաեւ Կազզայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ պարագային, թէեւ իւրաքանչիւր պարագայ աշխարհաքաղաքական ու պատմական տարբեր ազդեցութիւններու պրիսմակէն կը դիտուի։