Բնականաբար իւրաքանչիւրս պէտք է իրազեկ ըլլայ իր գաղութը յուզող հարցերուն, անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, բայց ինչպէ՞ս կամ որո՞ւ դիմելով։ Կը խորհիմ, թէ յիշեալ հարցին լուծումը կարելի է գտնել լրագրութեան եւ հրապարակագրութեան աշխարհին ծանօթանալով։ Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր «արժէքաւոր» ժամանակէն մաս մը յատկացնէ «Թղթակցութիւն եւ Յօդուածագրութիւն» վերնագիրով դասախօսութիւն մը, ունկնդրելով եւ «Քննական Մտածողութեամբ» փորձէ վերլուծել իր միջավայրն ու անոր վրայ ազդող տարբեր գործօնները, մասամբ կրնայ իրազեկ դառնալ վերեւ նշուած հարցերուն: Այս իմաստով յատկանշական էր «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրակազմին կազմակերպած երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման եռօրեայ սեմինարը, որուն մասնակցելու առիթը ընծայուեցաւ ինծի:
Հազիւ պաքալորիայի ուսումնական ծանր շրջանը յաջողութեամբ աւարտած, առաջարկ ստացայ մասնակցելու յիշեալ սեմինարին: Մայրենիիս հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնս խրախուսեց զիս դրական պատասխան տալու: Անհամբեր սպասուած պահը հասած էր: Միանալով այլ շրջաններէ ժամանած մեր ընկերներուն, հետեւեցանք Քեսապի հայաբոյր աւանին մէջ ընթացք առած եռօրեայ սեմինարին, որ ինծի համար իւրայատուկ փորձառութիւն մըն էր մամլոյ ասպարէզին ծանօթանալու:
Թերթի խմբագիրը իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ նման սեմինարներու կարեւորութեան եւ մատնանշեց մամուլի մարզին մէջ աշխատանքով եւ փորձառութեամբ հմտութիւն ձեռք բերելու եւ մեր մտածողութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւնը:
Օրակարգը կ’ընդգրկէր զանազան վերնագրերով դասախօսութիւններ եւ զրոյցներ, որոնց նպատակն էր լրագրութեան օրէնքներուն, լրագրողին բարոյագիտութեան եւ քաղաքական նիւթերու առնչուող գիտելիքներով հարստացնել երիտասարդ լրագրողը եւ խթանել զինք, որպէսզի քննական մտածողութեամբ դիտէ հարցերը եւ համարձակօրէն արտայայտէ զանոնք մամուլի ճամբով:
Ազատ ժամերուն ընդհանրապէս կը զրուցէինք իւրաքանչիւրիս շրջանը հետաքրքրող նիւթերու, ինչպէս նաեւ առցանց հարթակներու միջոցով քարոզչական աշխատանք տանելու միջոցներու շուրջ, համեմատելով առցանց տարբեր հարթակներու արհեստագիտական յառաջացած տուեալները:
Ինծի համար յատկանշական էր մասնակիցներու տարիքային այլազանութիւնը, ինչ որ առիթ ընծայեց սերունդներու միջեւ կարծիքներու եւ փորձառութիւններու փոխանակման, ինչպէս նաեւ հարցերը տարբեր տեսանկիւններէ դիտելու եւ քննարկելու կարելիութեան:
Երբ եռօրեայ սեմինարը իր աւարտին հասաւ, բոլորս բարձր տրամադրութեամբ եւ ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ հրաժեշտ տուինք իրարու։ Իւրաքանչիւրս խոստացաւ փորձ մը ընել գրելու, վերլուծելու, իր լեզուի իմացութիւնը բարելաւելու, սրբագրութիւնը առօրեայ վարժութիւն դարձնելու, որպէսզի խօսքի սահմաններէն դուրս գալով իմաստաւորենք մեր գիտելիքները։
Մայք Գեւոյեան