Հսկայ շէնք մը, լայն դարպասներով, մեծ առաքելութեամբ ու փառաւոր պատմութեամբ։ Այս կառոյցը Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանն է, մե՛ր Ճեմարանը։
1947-ին հիմնուած Ճեմարանը իր առաքելութիւնը կը կատարէ  ի մի բերելով հայու բեկորները իր տաքուկ ու հարազատ երդիքին տակ, անոնց ապահովելով բարձրագոյն ուսում ու մտքի եւ ընկերային կեանքի զարգացման առողջ մթնոլորտ։ Բոլորն ալ գիտեն, որ Ճեմարանը միայն գիտելիք չի ջամբեր, այլեւ հայեցի դաստիարակութիւն։ Ճեմարանի մթնոլորտին մէջ մեր ինքնութիւնը կը կազմուի, մեր հետաքրքրութիւնները կ’ուղղուին դէպի հայն ու հայկականը։
Հպարտութեամբ կ’ուզեմ շեշտել որ ճեմարանականը սահման չի ճանչնար։ Հալէպ թէ Պէյրութ, Ֆրանսա կամ Ամերիկա, Հայաստան թէ  արտերկիր գաղթած շրջանաւարտները, որքան ալ յայտնուին տարբեր միջավայրերու մէջ, ճիգ չեն խնայեր օժանդակելու Հալէպի մէջ աշխուժօրէն գործող Ճեմարանին, անոր աշակերտութեան եւ ուսուցչական ժրաջան կազմին։
Իսկ մենք՝ որպէս  Ճեմարանի շրջանաւարտ «Մուշեղ Իշխան» սերունդ, կը յիշենք, թէ ինչպէ՛ս 6 տարի առաջ հիացումով կը դիտէինք ու  պատկառանքով մուտք կը գործէինք այս հսկայ կառոյցը։ Հիմա որոշ հեռաւորութենէ մը աւելի յստակ կը տեսնենք, թէ մեր ուսման վեց հարուստ տարիները ակնթարթի մը պէս անցան։
Ուստի, ինչպէ՞ս չխոնարհիմ ուսուցիչներուս դիմաց, որոնք մեծ դեր ունեցան յաջողութեանս մէջ։ Իսկ դաստիարակներո՞ւս, որոնք մարդակերտման գործին լծուած միտք ու հոգի սպառեցին։ Ու վերջապէս ինչպէ՞ս չխոնարհիլ այս շէնքին դիմաց, որ տասնեակներէ ի վեր պահպանած է արեւմտահայերէնը ու հայերէն խօսիլը սրբութիւն համարած։
Տողերը անբաւարար են արտայայտելու սէրս ու յարգանքս դպրոցիս հանդէպ։ Ինչպէս Ճեմարանի քայլերգը կ’ըսէ…
«Մեր ինքնութեան դուն ո՜վ դրօշ ու վահան,
Անմառ փարոս, բերդ ու տաճար հայկազեան
Պիտի երգենք մենք միշտ փառքդ անվախճան
Օտարութեան մրրիկներուն դէմ դաժան»։
Երթդ աննահանջ, սիրելի՛ ճեմարան։
Աննա Պետրոսեան