ՀԱՅՈՑ ԽԱՉՔԱՐԵՐՈՒՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Մեր կերպարուեստի ամէնէն ինքնուրոյն եւ կարեւոր երակներէն մէկը խաչքարերն են, մասնաւորաբար 9-էն 13-րդ դարերու խաչքարերը, որոնք մաս կը կազմեն մեր ազգի հոգեմտաւոր կենսագրութեան: Ահա, թէ ինչո՛ւ խաչքարերը լայն տեղ գտած են մեր եկեղեցիներու եւ վանքերու պատերուն, մինչեւ անգամ խորաններուն վրայ:
Ո՞րն է խաչքարերու գաղտնիքը, ի՞նչ կ’ըսեն մեզի սրբացուած, ապանիւթականացուած այդ ոգեղէն քարերը:
Խաչքարերու խորհրդանիշերը բացատրելու լաւագոյն ուղեցոյց կրնան հանդիսանալ անոնց սկզբնական դրսեւորումները, որոնց վրայ անպաճոյճ ձեւով կ’երեւին խաչքարերու հիմնական, վաղնջական պատկերները:
Մեզի յայտնի է հայոց պատմիչ Ագաթանգեղոսի վկայութիւնը այն մասին, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ նոր հաւատքը տարածելու համար կը կործանէր հեթանոսական սրբավայրերը եւ անոնց տեղ կը բարձրացնէր քրիստոնէական հաւատքի սկզբնական խորհրդանիշը՝ փայտէ խաչը: Հեթանոս ժողովուրդին առաջ փայտէ խաչեր կանգնեցնելով, նոր հաւատքի ջատագովները գործը աւարտած չէին կրնար համարել:
Ընդհակառակն. քրիստոնէութիւնը ամրապնդելու նպատակով հարկաւոր էին տօնակատարութեան օրեր եւ պաշտամունքային արարողութիւններ, դիմակալելու համար դարերով սրբագործուած հեթանոս սովորոյթները եւ բազմաստուածութեան դրսեւորումները՝ յօգուտ միաստուածութեան:
Բնականաբար-փայտէ խաչերուն մօտ պէտք է որ քրիստոնէավայել կերպով ներկայացուէր Քրիստոսի խաչելութեան եւ յարութեան տեսարանը: Հեթանոս հայութիւնը սորված էր անզուսպ հանդիսաւորութեամբ տօնել Անահիտի, Վարդավառի, Նաւասարդի, մեռնող ու յարութիւն առնող բնութեան եւ այլ տօները, պարտաւոր էր նախկին տօնական օրերու անզսպութիւնը Քրիստոսին նուիրուած ծիսակատարութիւններու օրերուն փոխարինել հանդիսաւոր պաշտամունքային արարողութիւններով:
Նոր հաւատքով «ապրող» ժողովուրդը հեթանոսական Վարդավառի եւ ծաղիկներով ուղեկցուող այլ տօնակատարութիւններու սովորոյթը բնականաբար պէտք է փոխանցէր խաչի մօտ կատարուող կրօնական արարողութիւններուն: Ուրեմն, անոնք որպէս սիրոյ առհաւատչեայ իրենց փրկութեան համար զոհաբերուածին, պէտք է որ ծաղիկներով զարդարէին փայտէ խաչը:
Խաչելութեան տեսարանը ներկայացնելու համար արբշիռ հեթանոսէն կը պահանջուէր խաղող կամ նուռ՝ անոնց կարմիր հիւթը խաչին վրայ հեղելու համար: Իսկ Քրիստոսի յարութիւնը խորհրդանշելու համար հեթանոսական մեռնող եւ վերակենդանացող բնութեան խորհրդանիշը՝ ծառի դալար ճիւղը, պատարագի լաւագոյն խորհրդանիշն էր՝ ներմուծուելու այդ արարողութիւններուն: Այսպէս, այս ամէնը կը կատարուէր իւրաքանչիւր տօնակատարութեան օր:
Տարիներու ընթացքին փայտէ խաչը դուրս մնալով կը փտտէր:
Բնականաբար, պէտք է զայն փոխարինէին նորով: Այդպիսի կրկնութիւններու ժամանակ տիրապետող դասը պէտք է գիտակցէր, որ իր սրբութեան նշանը հարկաւոր է կառուցել դիմացկուն նիւթէ։
Կայուն խաչերու համար լաւագոյն նիւթը քարն էր: Քարէ խաչ կերտող վարպետը ինչ որ տեսած կամ լսած էր փայտէ խաչերու հետ կապուած կրօնական արարողութիւններէն, առաջին դրսեւորումներէն, այն է՝ ծաղիկներ, խաղող, նուռ, դալար ծառի ոստեր եւ այլն, այն ալ պէտք է վերարտադրէր քարի վրայ, այս ամէնը համակցելով հայոց հեթանոսական գլխաւոր պաշտամունքային այն խորհրդանիշերուն, որոնք կարելի էր համատեղել նոր կրօնին հետ: Այս խորհրդանիշերն ալ կ’երեւին մեզի հասած հնագոյն խաչքարերէն շատերու վրայ:
Խաչքարերու գլխաւոր խորհրդանիշը խաչն է, որով խորհրդանշուած է Քրիստոսը: Ուսումնասիրողներու միահամուռ կարծիքով խաչը իր մէջ ներառած է նախաքրիստոնէական Կենաց Ծառի խորհուրդը, որուն համար ալ անոր ծայրաթեւերը 11-րդ դարու կիսուն դարձած են բողբոջանման: Այս երկու խորհուրդները համընկան իրար՝ իմաստաւորելով հետեւեալը. մարդկանց փրկութեան համար իր կեանքը զոհաբերած Քրիստոսը կեանքի յաւերժ ծաղկուն, մշտնջենական ծառն է:
Խաչքարերու վրայ ամենակարեւոր խորհըրդանիշերէն է անոր ստորին մասին վրայ գտնուող վարդեակը, որ արեւի խորհրդանիշ է: Վաղ քրիստոնէական շրջանին խաչը եւ ծաղիկը շատ զուգակցուած էին եւ տարածուած: Ծաղիկը եւ խաչը կը դիտուին որպէս հեթանոսական եւ քրիստոնէական պաշտամունքի գլխաւոր խորհրդանիշերու համադրութիւն:
Իրօք, որ հնագոյն խաչքարերու վրայ խաչի եւ ծաղիկի համադրութիւնը ակնյայտ է:
Ի վերջոյ, ի՞նչ կ’ըսէ այս ամէնը, ինչի՞ կը յանգեցնեն մեր մամռոտ ու պայծառ քարեմատեանները.
Սիրոյ միջոցով կրնանք հասնիլ Քրիստոսին,
Քրիստոսի միջոցաւ՝ երկնային կեանքին:
Այս պարզ ու խորիմաստ խորհուրդն է, որ իր մէջ կ’ամփոփէ խաչքարը։
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան