ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, միութեան միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնէն, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Կիրօ Մանոյեանի, Արսէն Համբարձումեանի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, ինչպէս նաեւ միջդիւանական խորհրդաժողովի մասնակից 19 շրջաններէ 42 մասնակիցներու:

Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն հասնելով, մասնակիցները ուղղուեցան Եռաբլուրի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեանի կողմէ:

Յովհաննէս քհնյ. կարճ խօսքով մը յայտնեց, որ Եռաբլուրը նաեւ հերոսաբլուր է: Այստեղ կը հանգչին հայրենիքին հանդէպ իրենց պարտքը կատարած հերոսները, որոնց պարտաւոր ենք միշտ յիշել: Չվախնանք հերոսին հերոս ըսելու, արցախցիին արցախցի ըսելու: Չվախնանք Արցախը Հայաստան է ըսելու: Եթէ չըսենք այդ բոլորը, մենք անտեսած կ՛ըլլանք մեր հերոսներուն թափած արեան արժէքը:

Շարունակելով, Յովհաննէս քհնյ. ըսաւ. «Միանանք, զօրանանք եւ չհամակերպինք այս իրավիճակին հետ, այլ` պայքարինք, որպէսզի հասնինք մեր նպատակին: Ոտքի կանգնինք եւ դառնանք հպարտ հայեր, ոչ թէ ծնրադիր հայեր, այլ` գլուխը բարձր, հպարտ հայեր, որպէսզի աշխարհին ապացուցենք, որ մենք իսկապէս հզօր ազգ ենք: Եկէք անձերու չվերագրենք Հայաստանը: Հայաստանը ամբողջութեամբ Հայաստան է: Հայաստանը մեզմով Հայաստան է, եւ մենք պարտաւոր ենք մեր պատիւը, մեր քաջութիւնը փոխանցել գալիք սերունդներուն»:

Քահանայ հօր խօսքին յաջորդեց հոգեհանգստեան աղօթք, որմէ ետք ներկաները դրօշակակիրներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան Եռաբլուրի նահատակաց յուշապատ, ուր ՀՄԸՄ-ի անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Արթուր Մկրտչեան:

Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը արտասանեց խորհրդաժողովի բացման խօսքը` ըսելով. «Երբ Եռաբլուր ենք` հայոց աշխարհի սրբագոյն վայրը, պէտք է լուռ մնալ: Հոս` մենք ուխտաւորներս ըսելիք չունինք: Մենք կրնանք ամփոփուիլ եւ ինքնաքննութիւն ընել, հարց տալով, որ արդեօք մեր նպատակային ուղղութիւնը նո՞յնն է եւ զայն տակաւին միասին կը կտրե՞նք, մենք կենդանի, իսկ իրենք սաւառնող հոգիներ, մեզի հովանի ու պահապան»:

Ապա, հարցումներու շարքը շարունակելով, Խաչերեան նշեց. «Հաւատարի՞մ ենք մէկուկէս միլիոն ցեղասպանուած նահատակ ու սրբադասուած մեր զոհերու արեան կանչին: Պահանջատէ՞ր ենք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցումին: Եւ դեռ, ազատ, անկախ, միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի իրագործումին հաւատացող ու ձգտող աննահանջ երդուեալներու կամաւոր բանա՞կ ենք»: Ու եզրակացնելով, ան հաստատեց. «Եթէ հաստատ ենք մեր ուխտին վրայ, եւ մեր նպատակը անփոփոխ կը մնայ, աննենգ ենք սերունդներու կանչին, մեկնարկենք խորհրդաժողովը մեր քայլերգին կատարումով»:

Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին խօսքին աւարտով ներկաները խմբերգեցին ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը: Ապա, բոլորը լուռ ու յամրաքայլ քայլերով շրջեցան Եռաբլուրի մէջ իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած նահատակներու շիրիմներուն շուրջ եւ ծաղիկներ խոնարհեցին արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն զոհ գացած ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին:

Խորհրդաժողովի Նիստերուն Մեկնարկը

Միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի նիստերը ընթացք առին ուրբաթ, 15 նոյեմբերի կէսօրին եւ երկարեցան մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, օրակարգի վրայ ունենալով կազմակերպական, սկաուտական, մարզական, ՀՄԸՄ-ի «Արցախ հիմնադրամ»-ի աշխատանքները:

Հանդիպում Հայրենի ԼրատուամիջոցներուՆերկայացուցիչներու Հետ

Միջդիւանական խորհրդաժողովի մասնակիցներու Երեւան ներկայութենէն օգտուելով` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հանրային կապերու մարմինը նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ծանօթացման հանդիպում մը կազմակերպեց հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպումին ցուցադրուեցան ՀՄԸՄ-ը եւ անոր հանրային կապերու կառոյցը ծանօթացնող տեսանիւթեր: Հանրային կապերու մարմինին անունով խօսք առաւ Նժդեհ Մկրտիչեան, իսկ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ` Վիգէն Աւագեան:

Խօսքերուն յաջորդեցին զրոյցներ` հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն Հայաստան ժամանած ՀՄԸՄ-ական պատասխանատուներուն միջեւ: